Ուրբաթ, 25 յունիս 2021-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմէն ներս գործող Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան Վարժարանի նախակրթարանի, ինչպէս նաեւ հինգերորդ եւ ութերորդ դասարաններու ամավերջի աւարտական հանդէսը, ներկայութեամբ` Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, եկեղեցւոյ հովիւ` Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Պետոյեանի, թեմի հոգեւորականներու, Վարժարանի տնօրէնութեան, անձնակազմի, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու:
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Տէրունական <<Հայր Մեր>> աղօթքով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգի երգեցողութեամբ, որմէ վերջ, Վարժարանի Տնօրէն Տիար Շահէ Մանկերեան ողջունեց ներկաները եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօրը այս միջոցառումը Իր ներկայութեամբը պատուելու համար, ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներուն, անոնց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց փոքրիկներուն, որոնք, աւարտելով մանկապարտէզը, պիտի անցնին տարրական բաժին: Այնուհետեւ փոքրիկները իրենց գեղեցիկ արտասանութիւններով հիացուցին ներկաները, որմէ յետոյ տեղի ունեցաւ վկայականներու յանձնման արարողութիւնը:
Վկայականներու բաշխումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն Իր հայրական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց նախ փոքրիկները, ապա բարձր գնահատեց ուսուցիչներուն անոնց ժրաջան աշխատանքը եւ անոր արգասիքը հանդիսացող հայաշունչ եւ հոգեպարար այս հանդէսը, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողներուն` փոքրիկներուն հայեցի դաստիարակութեան մէջ իրենց ունեցած ներդրումին համար, շեշտելով հայ դպրոցի եւ հայ մանկապարտէզի կարեւորութիւնը, մաղթելով, որ տարիներ վերջ այս փոքրիկները այս նոյն բեմին վրայ կը ստանան վարժարանի աւարտական դասարանի իրենց վկայականները: Ապա փոքրիկները Սրբազան Հօր շուրջ գալով միաբերան աղօթք վեր առաքեց ան առ Աստուած, հետեւեալ գեղեցիկ բառերով.
«Սիրելի Աստուած, այսօր եկած ենք,
Աղօթք կատարելու, շնորհակալութիւն ըսելու,
Որովհետեւ Դուն, կ’օրհնես մեզ,
Մեզի կու տաս իմաստութիւն,
Բարի հովիւ, բարի տեսուչ, նուիրուած ուսուցիչներ:
Դուն օրհնած ես մեզ, մեր սիրելի հայրերով եւ մայրերով,
Այսօր կը խոստանանք, որ մենք միշտ պիտի ըլլանք խելացի,
Աշխատասէր, աղօթող եւ հաւատքով ապրող զաւակները մեր ազգի,
Այսօր սիրելի Աստուած կ’աղօթենք մեր հայրերու, մեր մայրերու
Եւ մեր բոլոր սիրելիներու համար:
Օրհնէ մեզ յաւիտեան. Ամէն»:
Մանկապարտէզի աւարտական հանդէսէն յետոյ սկիզբ առաւ հինգերորդ եւ ութերորդ դասարաններու աւարտական միջոցառման յայտագիրը: Հանդիսութեան ընթացքին հերթաբար ելոյթներ ունեցան շրջանաւարտ սաներ, ովքեր յուզմունքով հրաժեշտ կու տային իրենց սիրելի վարժարանին:
Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, եկեղեցւոյ հովուի եւ տնօրէնի հետ միասին յանձնեց շրջանաւարտներու վկայականներն ու առաջադէմ աշակերտներու մրցանակները։ Վկայականներու բաշխումէն յետոյ Սրբազան Հայրը կատարեց փակման խօսքը եւ Իր պատգամը փոխանցեց շրջանաւարտներուն։ Երեկոն փակուեցաւ «Պահպանիչ» եւ «Հայր մեր» աղօթքներով։