Ուրախութեամբ կու գանք հաղորդելու, թէ Շաբաթ, Յուլիս 3, 2021-ին Հ.Ա. Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Շրջանայինի գանձապահ՝ Ընկ. Կարօ եւ իր տիկնոջ Ընկերուհի Սիլվա Քիւփէլեաններուն զաւակին՝
ԳՐԻԳՈՐԻՆ ԵՒ ՃԵՄԱ ԼՈԶԱՆՈՅԻ
ամուսնութեան օրհնաբեր արարողութիւնը։
Այս առիթով սրտանց կը շնորհաւորենք նորափեսայ եւ նորահարս ամոլը, ինչպէս նաեւ Քիւփէլեան եւ Լոզանօ ընտանիքները, մաղթելով նորապսակներուն երկար, երջանիկ եւ Աստուծոյ առատ օրհնութիւններով եւ բարիքներով լեցուն կեանք մը։