Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Բա՞լ, Թէ՞ Կեռաս

Բալը կարեւոր առաւելութիւն ունի կեռասին հետ բաղդատելով։ Երկու պտուղներն ալ կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ արժէքաւոր նիւթեր, բայց բալը աւելի հարուստ է վիթամինա-հանքային կազմով, իսկ շաքարը՝ երկու անգամ աւելի քիչ է, քան կեռասին մէջ։ Այս մասին տեղեկացուցած է սննդաբան Սվետլանա Ֆուսը։

Անոր խօսքով՝ բալի «կլայքեմիք ինտեքս»-ը ցած է, ամէնէն ցածերէն մէկը բոլոր պտուղներու մէջ։ Իսկ բալի տտիպ տեսակները կը պարունակեն «մելաթոնին»՝ հորմոն, որ կը կարգաւորէ «էնտոքրին» համակարգի աշխատանքը։

Ֆուսը նաեւ նշած է, որ թէ՛ բալը, թէ՛ կեռասը թարմ վիճակի մէջ մօտաւորապէս նոյն քալորիները ունին՝ մօտաւորապէս 50-62 քալորի՝ 100 կրամի մէջ։ Անոնք դրականօրէն կ՛ազդեն սիրտ-անօթային համակարգի աշխատանքին վրայ, կը նուազեցնեն զարկերակային ճնշումը եւ թրոմպոզի յառաջացման վտանգը։

Մասնագէտին խօսքով՝ ճաշացուցակին վրայ թարմ պտուղներու առկայութիւնը կը կարգաւորէ արեան մէջ «քոլեսթերոլ»-ի մակարդակը, կը բարելաւէ աղեստամոքսային «թրաքթ»-ի աշխատանքը եւ օգտակար է մազերու ու եղունգներու համար։

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ