Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ի՞նչ Հարցեր Կրնան Գոյանալ Տաք Օդին Քիչ Ջուր Խմելով

Եթէ տաք օրերուն մարդ բաւարար քանակութեամբ ջուր չի խմեր, այդ կրնայ յանգեցնել արեան թանձրացման եւ հետեւաբար՝ սրտի, երիկամներու եւ անօթային համակարգի խանգարումներու, յայտնած է սննդաբան Սվետլանա Ֆուսը:

Մասնագէտին խօսքով՝ քրտինքի հետ միասին օրկանիզմը կը կորսնցմէ ոչ միայն հեղուկը, այլեւ ամէնէն կարեւոր հանքանիւթերը՝ «փոթէսիում», «սոտիում», «քալսիում», «մակնիզիում» եւ «քլոր», որոնք օրկանիզմին մէջ կարեւոր աշխատանքներ կը կատարեն՝ կը պահպանեն աղաջրային, թթուահիմնային հաւասարակշռութիւնը, պատասխանատու են սրտամկաններու կծկումին, ինչպէս նաեւ կը մասնակցին նեարդային ազդակներու փոխանցումին:

Տաք օդին կարեւոր է շատ սովորական մաքուր ջուր խմել, որ նոյնպէս «ելեկտրոլիտ»-ներ կը մատակարարէ: Բացի ատկէ, շատ հանքանիւթեր կան բանջարեղէնի եւ պտուղներու մէջ, նշած է մասնագէտը:

«Պտուղները եւ բանջարեղէնները պէտք է կազմեն մեր սննդականոնին հիմքը տաք օրերուն: Ատոնք կը պարունակեն ոչ միայն օգտակար հանածոներ, այլեւ բաւարար քանակութեամբ ջուր: Այսպէս, օրինակ, վարունգին եւ լոլիկին մէջ մինչեւ 95 առ հարիւր հեղուկ կայ, հատապտուղներու եւ միրգերու մէջ՝ 80-90 առ հարիւր»,- իր Instagram-ին վրայ յայտնած է սննդաբանը:

Ի՞նչ ուտելիքներ կարեւոր է ուտել տաք օրերուն՝

«Սոտիում»-ի եւ «քլոր»-ի աղբիւրներ՝ ձաւարեղէն, կաթնեղէն, ձուկ, սունկ եւ ընդեղէն,

«Քալսիում»-ի աղբիւրներ՝ «քեֆիր», «եոկուրթ», մածուն, կաթնաշոռ եւ կանաչ տերեւային բանջարեղէն, «Մակնիզիում»-ի աղբիւրներ՝ ծովային կաղամբ, շիլաներ, ընդեղէն, քաքաո, մուգ տուրմ:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ