Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Ուռուցքային Բջիջներու Բուժման Նոր Մեթոտ

Կրծքագեղձի քաղցկեղի բուժման նոր մեթոտը կը սպաննէ ուռուցքային բջիջներու 95-100 առ հարիւրը: ErSo դեղը, որ մշակած են Իլինոյսի համալսարանի գիտնականները, արագօրէն կը կրճատէ ոչ միայն առաջնային ուռուցքները, այլ նաեւ յաջողութեամբ կը պայքարի «մեթասթազ»-ներու դէմ:

Նոյնիսկ երբ քանի մը քաղցկեղային բջիջ կը վերապրի, նորագոյացութիւնները կը մնան ամբողջովին զգայուն ErSo-ի օգնութեամբ՝ բուժման նկատմամբ, հաղորդած է MedicalXpress-ը:

Քանի որ կրծքագեղձի քաղցկեղի պարագաներու մօտաւորապէս 75 առ հարիւրը դրական կը նկատուի «էսթրոճենի ռիսեփթըր»-ներու բաժինով, ErSo-ն կրնայ բաւական արդիւնաւէտ ըլլալ կրծքագեղձի քաղցկեղի առաւել տարածուած ձեւի դէմ: Բացի ատկէ, դեղը կրնայ աշխատիլ այն քաղցկեղային հիւանդութիւններուն դէմ, որոնք չեն նկատուիր սովորաբար դրական «էնսթրոճեն»-ի բաժինով: Սակայն մարդոց պարագային, այդ դեղը տակաւին չէ փորձուած, եւ յայտնի չէ, թէ ե՞րբ կը ծրագրուի սկսիլ նման հետազօտութիւնները:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ