Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հենրիկ Եւ Մարիէթա Անասեաններուն Ամուսնութեան 60-Ամեակի Փառաշուք Ճաշկերոյթ-Խրախճանքը

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 30, 2021-ին Հալիվուտի Տաղլեան մեծահամբաւ, գեղազարդ սրահին մէջ, մօտ 200 հոգի ընտրանի հրաւիրեալներու ներկայութեամբ, սիրոյ եւ ցնծութեան գեղեցկագոյն մթնոլորտի մէջ, տեղի ունեցաւ շատ ճոխ եւ անմոռանալի ձեռնարկ մը, նուիրուած գաղութիս Սիփան երգչախումբի հիմնադիր եւ 40 տարիներու ղեկավար, 200-է աւելի երգերու եւ երաժշտական կտորներու հեղինակ, բազմաթիւ շքանշաններու եւ գնահատագրերու արժանացած եւ 10 համով-հոտով գիրքերու հեղինակ, Գալիֆորնիոյ Գրողներու Միութեան երկարամեայ վարչական եւ նախագահ Հենրիկ Անասեանի եւ արուեստի նոյնքան տաղանդաշատ արուեստագիտուհի՝ բեմերու զարդը հանդիսացող եւ ԱՄՆ-ի մէջ 40 տարիէ աւելի մանկավարժական ծառայութիւն ունեցող՝ Տիկ. Մարիէթա Անասեանի ամուսնութեան 60-ամեայ բերկրալի տարեդարձը։

Այդ օր իրենց ծանրակշիռ ներկայութեամբ ձեռնարկը կը պատուէին Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս՝ Դեսպան՝ Արմէն Բայբուրդեան իր ազնուափայլ տիկնոջ հետ, Հայաստանի Մշակոյթի նախկին նախարար՝ Արմէն Ամիրեան իր համակրելի տիկնոջ հետ եւ անշուշտ ամոլին մեծանուն արուեստագէտ զաւակները՝ Արամ եւ Արմէն Անասեաններ իրենց ընտանիքներով։

Նմանապէս մեծ թիւով արուեստագէտներ, լրագրողներ, հայկական հեռատեսիլի ներկայացուցիչներ եւ հայ մամուլի ներկայացուցիչներ հրաւիրուած էին։՚

Անասեան Ամոլը Հայաստանի մէջ պետական ամուսնութիւն կնքած էին։ Այդ գիշեր իրենց ամուսնութեան 60-ամեակին, ձեռամբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ շնորհաշատ կղերականներէն Տէր Յովսէփ Ա.Ք. Յակոբեանի ամուսնութեան կրօնական կարգը կատարուեցաւ, բոլոր ներկաներուն անխառն ուրախութիւն պատճառելով։

Հրամցուած արտակարգ ճոխ եւ համադամ կերակուրներու սպասարկութենէն ետք, ցուցադրուեցաւ շատ գեղեցիկ video մը նորապսակ ամոլին բեղուն կեանքը ներկայացնելով։

Պաշտօնական բաժինէն ետք, ժողովուրդը հայկական երգերու եւ պարեղանակներու խանդավառ եւ հայաբոյր երգերու կշռոյթներուն վրայ, մեծ խանդավառութեամբ հայկական այլատեսակ պարեր պարելով տօնական իսկական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ սրահէն ներս։ Այդ գիշեր քանի մը ազգայիններու ծննդեան կամ՝ ամուսնութեան տարեդարձները ըլլալով, Տէր եւ Տիկ. Անասեաններ անոնց յատուկ շատ ճոխ նուէրներով պատուեցին։ Իսկ այդ գիշեր բոլոր կոչնակները, Անասեան ընտանիքին կողմէ արժանացան շատ գեղեցիկ յուշանուէրներով։

Տիար Արմէն Ամիրեանի՝ Հայաստանի մշակոյթի նախկին նախարար եւ Անասեաններու շատ մօտ բարեկամի, ձեռնհաս հանդիսավարութեամբ, ամբողջ գիշեր պահեց ձեռնարկին բարձր մակարդակը։ Այդ օր սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան Անասեաններու երկու շնորհալի զաւակները Արամը (որ սրահը թնդացուց իր գեղեցիկ ձայնով եւ «Ափ մը հող հայրենիքէս» Հենրիկ Անասեանի բառերով եւ երաժշտութեամբ երգը երգելով, ինչպէս նաեւ Անասեան կրտսեր որդին մեծանուն ջութակահար եւ խմբավար Արմէն Անասեան շատ յուզիչ խօսքով մը շնորհաւորեց իր թանկագին ծնողքը։

Այդ գիշեր խօսք առաւ ՀՀ Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս՝ Դեսպան՝ Արմէն Բայբուրդեան, որ շատ ջերմ խօսքերով գնահատեց Տէր եւ Տիկ. Անասեաններուն մայր հայրենիքէն, մեր դարաւոր մշակոյթի եւ հայ ժողովուրդին մատուցած անսահման ծառայութիւններուն համար, անոնց մաղթելով երկար եւ բեղմնաւոր առողջ տարիներ։

Խօսք առնելով հրաւիրուեցան Սիփան երգչախումբի վարչութեան ժրաջան ատենապետ Ռաֆֆի Թորոսեան, ներկայացնելով Սիփան երգչախումբը որպէս երգարուեստի դպրոց մը, ուր երգիչները շատ բան կը սորվին Հենրիկ Անասեանի ղեկավարութեան տակ այս երգչախումբին մէջ երգելով։ Ձայնամարզութիւն, շնչառութիւն եւ երգը խորապէս ապրելու եւ մատուցելու թեքնիքները կը սորվին խումբի անդամները, ըսաւ Ռաֆֆի Թորոսեանը, ուր ինք եւս տարիներ երգած է այս խումբին մէջ։

Խօսք առին նաեւ Ամերիկահայ գրասէր մամուլի նահապետը՝ Armenian Observer անգլիատառ շաբաթաթերթի մեծանուն խմբագիր՝ Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, որ մեծապէս գնահատեց Հենրիկ Անասեանի արուեստին նուիրուածութիւնը եւ վաստակը, ապա յիշեց թէ «Հենրիկ Անասեան ոչ միայն արուեստագէտ է, այլ 10 մեծածաւալ հատորներու հեղինակ է։

Ապա խօսք առին «Նոր Օր» շաբաթաթերթի աշխատակից՝ Խաչիկ Ճանոյեան,՛որ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Տիկ. Մարիէթա Անասեանին, որ 32 տարը անդադար Իրաքահայերու Ընտանեկան Շաբաթօրեայ Վարժարանի կամաւորաբար երգի դաս տուած է ամէն Շաբաթ օր 60 մղոն քշելով դպրոց կու գար կամաւորաբար դաս տալու համար դպրոցէն ներս։

Խօսք առաւ նաեւ Ակադեմիկոս, բժիշկ հոգեբան՝ Դոկտ. Գագիկ Կարապետեան, որ երկար տարիներու ծանօթութիւն եւ մտերմութիւն ունի Անասեաններուն հետ։ Ան իր սրտագին ուրախութիւնը յայտնեց իր ընկերոջ ամուսնութեան ադամանդեայ տարեդարձին առիթով, մաղթելով Անասեան զոյգին երկար եւ առողջ կեանք։

Այդ գիշեր իրենց ներկայութեամբ եւ փայլուն կատարումներով ելոյթ ունեցան մեր գաղութի պարծանք հանդիսացող Ռազմիկ Մանսուրեան, որ առաջին անգամ ըլլալով երգեց Հենրիկ Անասեանի «Կարօտ» երգը։

Նմանապէս այդ երեկոյ ելոյթ ունեցաւ Սիփան երգչախումբի երկարամեայ փայլուն երգչուհիներէն Հերմինէ Ամիրեան, որ երգեց «Ափսոսանք» երգը դարձեալ մայէսթրոյի յօրինած երգերէն էր։ Իսկ մեր աննման Անահիտ Ներսէսեանը, ինչպէս միշտ այդ գիշեր եւս «Երեւան» երգը երգեց, խռովելով բոլոր ներկաներուն հոգիները։ Այս հոյակապ երգիչներուն իւրաքանչիւրի կատարումէն ետք, բոլորն ալ արժանացան ներկաներուն երկարատեւ, որոտընդոստ եւ խելայեղ ծափահարութեան եւ պրաւօ բացագանչութիւններու։

Խօսքի եւ երգի այս բաժինէն ետք, ներկաները անգամ մը եւս պարահարթակը լեցուցին հայկական եւ ջերմ տոհմիկ պարեր կատարելով։

Վերջաւորութեան ժամը հասաւ 60-ամեայ ամուսնութեան տարեդարձի կարկանդակին հատումը, բոլոր ներկաներուն միաբերան եւ լիաթոք երգերով կտրուեցաւ եւ բոլոր ներկաներուն բաժնուեցաւ այդ կարկանդակը։

Այդ առիթով խօսք առաւ մայեսթրօ Հենրիկ Անասեան, որ խորապէս յուզուած էր, իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր ներկաներուն, «բոլորդ ալ իմ ընտանիքի անդամներն էք, ամէն մէկդ յատուկ տեղ ունիք իմ եւ Մարյէթայի կեանքին մէջ», բոլորին մաղթելով որ իրենք եւս նման ադամանդեայ տարեդարձին արժանանան։

Բոլոր ներկաները Անասեաններու կեանքին այս տարեդարձին ներկայ ըլլալու ուրախութիւնը իրենց սրտին եւ մտքին մէջ դնելով, մօտաւորապէս առաւօտեան ժամը 1։30-ին բաժնուեցան սրահէն։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Անասեաններու թանկագին զաւակները, որոնք իրենց ծնողաց ամուսնութեան տարեդարձը այդպէս փառաշուք ձեռնարկով կազմակերպեցին բոլոր ծախսերը հոգալով։

Գնահատանքի յատուկ խօսք ունինք այդ օրուայ քաւոր եւ քաւորկին Տէր եւ Տիկ. Միքայէլեանի զաւակին Արթիւր Միքայէլեանին, որ ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեամբ անթերի կազմակերպութեամբ ղեկավարեց այդ ձեռնարկը։

Մեր հերթին սրտանց կը շնորհաւորենք Տէր եւ Տիկ. Հենրիկ եւ Մարիէթա Անասեանները այս տարեդարձին առիթով, մաղթելով իրենց քաջառողջ, անցաւ եւ անվիշտ բազում տարիներ, միշտ շրջապատուած իրենց թանկագին զաւակներով, անոնց ընտանիքներով եւ մեծաթիւ իրենց սիրող եւ յարգող ծանօթ բարեկամներով։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ