Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Ուսուցիչներու Ընդլայնուած Համաժողովի Նիստ

Շաբաթ, 21 Օգոստոս, 2021-ին, օրհնութեամբ` Արեւմտեան Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի` տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ դպրոցներու գործունէութեանը վերաբերող ընդլայնուած համաժողովի նիստ, որուն իրենց  մասնակցութիւնը բերեցին եօթանասունէն աւելի ուսուցիչներ` թէ  Արեւմտեան եւ թէ Արեւելեան թեմերէն:

Ժողովի  սկիզբին  Առաջնորդ  Սրբազան  Հայրը   ողջունեց   ներկաները  եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու ուսուցիչներուն`  նուիրեալ ու կամաւոր ծառայութեան համար, շեշտը դնելով եկեղեցւոյ  ու  մեր ժողովուրդի  կեանքին  մէջ  անոնց ունեցած կենսական դերին  վրայ:

Սրբազան Հօր  օրհնութեան եւ ողջոյնի խօսքերէն յետոյ, մեկնարկեց համաժողովի նիստը, որը վարեց` Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու խորհուրդի նորանշանակ նախագահ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Աշը:

Համաժողովի ընթացքին Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Աշը ներկայացուց խորհուրդի նոր կազմը, ինչպէս նաեւ այն նոր մշակուած ծրագիրը եւ մարտավարութիւնը, որը պէտք է գործադրուի 2021-2022 ուսումնական տարուայ համար:  Մշակուած  նոր ծրագրի բովանդակութիւնը ամենայն մանրամասնութեամբ ներկայացուեց` Առաջնորդարանի Միջ-եկեղեցական գրասենեակի պատասխանատու` Տիար Հայկ Մատոյեանի կողմէ:

Համաժողովի հիմնական թեմաներու քննարկումէն յետոյ` Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Աշը հրաւիրեց օրուան բանախօսը, Մանսֆիլտի Սուրբ Գրիգոր Հոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն եւ ուսուցչուհի` Տիկին Դիան Կատինասը: Զրոյցի ընթացքին ան ժողովի մասնակիցներու հետ կիսուեց իր փորձառութեամբ, ներկայացնելով, թէ այսօր ինչպէս կարող ենք կառավարել եւ արդիւնաւէտ ձեւով փոխանցել մեր քրիստոնէական գիտելիքները աշակերտներուն:

Համաժողովի վերջաւորութեանը Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց տիկին Կատինասին` նիւթի ներկայացման համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ ուսուցիչներուն` իրենց նուիրումի  ու մեր նոր սե­րուն­դին կրօ­նա­բա­րո­յա­կան գիտե­լիք­նե­րուն հա­ղորդ պա­հե­լու հա­մար։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ