Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2024

Շաբաթաթերթ

Վերամուտ Է. «Կանգ, Պիտի Լինենք Ու Դեռ Շատանանք» Նշանաբանով

ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Դպրոցը անչափ էական հաստատութիւն մըն է որեւէ հաւաքականութեան կեանքին մէջ եւ կրթութիւնը գործօն դեր ունի արագ թաւալող այս աշխարհին մէջ: Կրթութիւնը ունի ուժ, որ աշխարհը կը դարձնէ աւելի լաւ վայր մը: Դպրոցը կը շարունակէ աշակերտը «ազատագրել» խաւարամտութեան բանտարկութենէ, անոր մտքին տալով սլացք, երեւակայութեան՝ թռիչք,  եւ զայն հասցնել հոգեմտաւոր աշխարհի ազատ ու լուսաւոր հորիզոններ: Իսկ հայ դպրոցը, ի մասնաւորի,  ունի նաեւ յաւելեալ եւ ինքնուրոյն կարեւորութիւն. գիտութիւն ջամբելու զուգահեռ, հայակերտումի իր առաքելութեամբ կը մնայ մեր ինքնութեան ու հզօրութեան ամրոցը, որովհետեւ հայ դպրոցի ճամբով է որ հայ աշակերտը հայօրէն կը կազմաւորուի: 

Ներկայ պայմաններուն մէջ անյեձտաձգելի անհրաժեշտութիւն դարձած է մրցունակ դպրոց ունենալը, այլապէս ե՛ւ դպրոցը, ե՛ւ աշակերտը լաւագոյն պարագային տեղքայլ կ’արձանագրեն, ինչ որ ետքայլի համազօր կը համարուի: Վարժարանը հետամուտ ըլլալով ապահովելու բարձրորակ կրթական մակարդակ, կ’որդեգրէ WASC-ի (Western Association of Schools and Colleges) չափորոշիչները: Հոս հարկ է նշել, որ հակահամաճարակային սահմանափակումներու լոյսին տակ, երբ ամբողջ աշխարհը կ’անցնէր հեռավար դասաւանդութեան հարթակ, Հայ Քոյրերու Վարժարանը օրին առաջին շաբաթէն իսկ մասնագիտական ոստում կատարեց դէպի առցանց դասաւանդութիւն, չընդհատելու համար դասաւանդութիւններու հեզասահ եւ անփախան ընթացքը: Համաճարակային առումով, Հայ Քոյրերու Գալիֆորնիոյ վարժարանը կը հանդիսանայ ապահով վայր մը յաճախող աշակերտներուն համար, իր ընդարձակ դասարաններով ու խաղավայրերով, որ միեւնոյն ժամանակ կը նպաստէ աշակերտին ֆիզիքական եւ մարզական կարողութիւնները զարգացնելու:  

Այս նպատակէն մեկնելով, Հայ Քոյրերու Գալիֆորնիոյ վարժարանը՝ հաւատարիմ մնալով 175-ամեայ Անարատ Յղութեան Միաբանութեան աւանդին, ուսումնական նոր տարեշրջանի սկիզբը կը դիմաւորէ իր հին ու նոր աշակերտները, պատրաստելու համար ուսումնական գերազանցութեամբ, ստեղծագործ միտքով եւ կենցաղային հմտութիւններով օժտուած նոր սերունդ, որ պիտի հարստացնէ ու հզօրացնէ ամերիկահայ գաղութը: 

Եւ որովհետեւ հայեցի դաստիարակութիւնը կը հանդիսանայ ազգային օրակարգերու կարեւորագոյններէն մէկը, Հայ Քոյրերու Գալիֆորնիոյ վարժարանը միաժամանակ յանձնառու կը մնայ կերտելու ազգային արժէքներով ու դաստիարակութեամբ կազմաւորուած հայը: Այսպիսով, այն կը հանդիսանայ ոչ թէ լոկ գիտութիւն ջամբող ուսումնարան մը, այլ՝ մարդ կերտող, հայուն հոգեւոր ու ազգային ինքնութիւն տուող կրթօճախ մը, ուր կը տրամադրուի մայրենի լեզուին երկու թեւերը՝ արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը, հնարաւորութիւն ստեղծելով իր յարկին տակ ընդունելու Գալիֆորնիոյ հայ համայնքի բոլո՛ր հայորդիները: Հայեցի դաստիարակութեան կողքին թափ կը տրուի նաեւ հոգեւոր դաստիարակութեան, որ աշակերտներուն մօտ կը խթանէ քրիստոնէական արժանիքները եւ զանոնք աւելի կը զօրացնէ Աստուծոյ հաւատքին մէջ: 

Ահաւասիկ այս յանձնառութեամբ, գիտակցութեամբ եւ պատրաստուածութեամբ կը դիմաւորենք կրթական նոր տարեշրջան մը: Մենք կը վերահաստատենք մեր վճռականութիւնը՝ Հայ Քոյրերու Գալիֆորնիոյ վարժարանը դարձնելու աւելի յաջողակ, աւելի բարգաւաճ, աւելի նպատակասլաց՝ ակադեմական, մշակութային, մարզական եւ այլ առումներով, նորահաս հայ սերունդներուն համար դառնալով ժամանակակից յատկանիշերով օժտուած հայաշունչ կրթօճախ մը:

Շուտով վերամուտ է: Ուրեմն, առկայ թէ հեռակայ, բարի եկաք Հայ Քոյրերու Գալիֆորնիոյ վարժարան:

Հայ Քոյրերու Գալիֆորնիոյ վարժարանը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ 2021-2022 տարեշրջանին փոխտնօրէնի պաշտօնին նշանակուած է կրթական մշակ Տիկ. ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆը:

 Ռիթա Պոյաճեան ծնած է Պէյրութ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու վարժարաններուն մէջ, իսկ երկրորդական կրթութիւնը՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Մեսրոպեան վարժարանին մէջ: Business Admnistration-ի եւ School Administration-ի վկայականները ստացած է Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանէն, USJ:
 14 տարի վարած է լիբանանեան հայ եւ օտար վարժարաններու տնօրէնի պաշտօնը: Իր օրով, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան  վարժարանէն ներս նախաձեռնած եւ իրագործած է նոր բաժանմոնւքներու բացումը (Գիտական բաժանմունք երկրորդական դասարաններու- Մանկամսուրի դասարան - Արուեստի բաժանմունք 5 դասարաններով եւ աւարտական բաժինով - Ուսման Յատուկ Կարիքներ Ունեցող Աշակերտներու բաժանմունք - Ամերիկեան Ծրագրի բաժանմունք օտար հպատակութիւն ունեցող աշակերտներուն համար:
 Իսկ 2018-ին վարած է Պէյրութի Մխիթարեան նորակառոյց վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը, կազմակերպելով հիմնադրութեան շինարարական, վարչական եւ ուսումնական աշխատանքները, ներառելով ֆինլանտական կրթական արդիագոյն մեթոտները: 
 Հետեւած է զանազան համագումարներու Լիբանանի, Հայաստանի, Նիւ Եորքի, Տուպայի, Յորդանանի եւ Ֆինլանտայի մէջ:
  
 Պարգեւատրուած է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց երջանկայիշատակ Տ. Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս պատրիարքին օրհնութեան գիրով եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Պաշտպան» Ա. մրցանակով:
   
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ