Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Աորթայի Մասնահատումը Բաւական Հազուադէպ, Բայց Շատ Վտանգաւոր Հիւանդութիւն Է

Աորթայի մասնահատումը աւելի յաճախ կը յայտնուի 50-60 տարեկան մարդոց մօտ:

Ի՞նչ ախտանշաններ կրնան ցոյց տալ աորթայի հետ կապուած խնդիրները:

Այդ վիճակի նախանշանները նման են անոր, երբ մարդ կը զգայ սիրտի կաթուածի կամ այլ կաթուածի ժամանակ՝ շնչառութեան դժուարութիւններ եւ հեւոց, ցաւ կրծքավանդակին մէջ, գունատութիւն, բարձր քրտնարտադրութիւն, ուշագնաց վիճակ եւ այլն:

Ո՞վ կայ վտանգի խումբին մէջ:

Բարձր զարկերակային ճնշում ունեցող մարդիկ կը մտնեն բարձր ռիսքի խումբին մէջ, որովհետեւ անոնց վիճակը կրնայ ժամանակին հետ տկարացնել աորթայի պատը, իսկ այդ կ՛աւելցնէ մասնահատումի հաւանականութիւնը:

Վտանգը նաեւ բարձր է մարդոց մօտ, որոնք միշտ կը զբաղին ծանր մարզանքով կամ ֆիզիքական աշխատանքով, ինչպէս նաեւ՝ սիրտի հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց մօտ:

Բացի ատկէ, կան մարդիկ որոնք կը ծնին որոշ հիւանդութիւններով, որ կը յանգեցնեն  աորթայի պատերու տկարացման: Օրինակ՝ «Մարֆան»ի համախտանիշ եւ «Էհլըրս Տանլոս»ի համախտանիշ:

Նշենք, որ աորթայի մասնահատումը վտանգաւոր հիւանդութիւն է, որ կը պահանջէ անյետաձգելի օգնութիւն. ատոր բուժումը յաճախ կը ներառէ գործողութիւն: Բուժումէն ետք, որոշ հիւանդներու համար կրնայ պահանջուիլ դեղորայք՝ զարկերակային ճնշումը նուազեցնելու համար, որ հաւանաբար, պէտք է ստանան կեանքի ամբողջ ընթացքին:

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ