Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Հնդկական Ընկոյզի Օգտագործումը Կը Բարելաւէ Բարձր Ճնշումի Հետ Կապուած Հարցերը

Հնդկական ընկոյզի օգտագործումը կապուած է զարկերակային ճնշման նուազումին հետ։ Այս մասին գրուած է ամերիկացի գիտնականներու հետազօտութեան մէջ, որու արդիւնքները հրապարակուած են Current Developments in Nutrition ամսագիրին մէջ։

Հետազօտութեան համաձայն՝ հնդկական ընկոյզը օգտագործելը ոչ միայն կրնայ բարելաւել զարկերակային ճնշման ցուցանիշները, այլեւ նուազեցնել արեան մէջ «թրիկլիսերիտ»-ի մակարդակը։

Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ հնդկական ընկոյզը կը բարելաւէ սիրտի առողջութիւնը։ Սիրտի հիւանդութեան վտանգը 37 առ հարիւրով աւելի ցած եղած է անոնց մօտ, որոնք շաբաթը աւելի քան 4 անգամ հնդկական ընկոյզ կերած էին։ Այս ընկոյզը, գիտնականներու խօսքով, կ՛օգնէ կառավարելու «վատ «քոլեսթերոլ»-ը եւ արեան մէջ շաքարի մակարդակը։

Հետազօտութեան արդիւնքները նաեւ ցոյց տուած են, որ օրական սննդաբաժինի 10 առ հարիւրի փոխարինումը՝ հում հնդկական ընկոյզով, կը նուազեցնէ 2-րդ տեսակի «տիապեթ» ունեցողներու արեան մէջ «ինսուլին»-ի մակարդակը։

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ