Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Կարգ Մը Ուտելիքներ Կրնան Յանգեցնել Տկարամտութեան

Որոշ ուտելիքներ, ինչպէս նաեւ կարգ մը վիթամիններու աւելցուկը կամ անբաւարարութիւնը կրնան յանգեցնել ուշաթափութիւններու եւ տկարամտութեան, կը հաւաստիացնեն ամերիկացի սննդաբանները։ Անոնց կարծիքը կը վկայակոչէ «Eat This, Not That!» պարբերականը։

Ուղեղի բնական աշխատանքի համար, մասնագէտները կը յանձնարարեն կրճատել շաքարի քանակը սննդաբաժինին մէջ։ Բժիշկ Տիմիթար Մարինով կը յայտնէ, թէ հակառակ անոր որ «կլիւքոզ»ը ուղեղի հիմնական վառելանիւթն է, շատ քաղցր ուտել չի յանձնարարուիր։

«Շաքարի աւելցուկը յառաջ կը բերէ մեծ քանակութեամբ «ինսուլին»ի արտազատում։ Ինսուլինը, իր կարգին, կ՛արգելակէ գրեթէ բոլոր ամինաթթուներու մուտքը ուղեղ՝ բացի «թրիփթոֆան»էն, որ կը վերածուի «սերաթոնին»ի եւ «մելաթոնին»ի՝ քունի հորմոնի։ Հետեւաբար՝ քաղցրի աւելցուկը կրնայ յանգեցնել իսկական ածխաջրային քոմայի»,- կը նախազգուշացնէ մասնագէտը։

Սակայն ամբողջովին հրաժարիլ ածխաջուրերէն, մասնագէտը նոյնպէս չի յանձնարարեր, որովհետեւ, անոր կարծիքով, ատոնց լիակատար բացակայութեան պատճառով արեան մէջ շաքարի պարունակութիւնը կը դառնայ անկայուն, ինչ որ կրնայ յանգեցնել «հիփոկլիքեմիայի» նոպայի, խառնաշփոթ գիտակցութեան եւ ուշաթափութիւններու։

Սննդաբան Մելիսա Միթրին, իր կարգին, կը նախազգուշացնէ ալքոլի չափէն աւելի օգտագործման մասին. կը յանձնարարուի օրական խմել մէկ-երկու գաւաթ գինիէն ոչ աւելի։ Ալքոլի մեծ քանակը կրնայ վնասել յիշողութեան։

Բժիշկ Լիզ Վեսնիք կը կարծէ, որ ուղեղի համար վնասակար կրնան ըլլալ սնունդ ստանալու բացթողումները, որոնք օրկանիզմին «կը ստիպեն» ինքնուրոյն արտադրել «կլիւքոզ», ինչ որ կրնայ յանգեցնել կեդրոնացումի հետ կապուած խնդիրներու։

Սննդաբանները նաեւ կը յանձնարարեն հետեւիլ, որպէսզի սննդաբաժինին մէջ միշտ ըլլայ բաւականաչափ վիթամին B12, որովհետեւ անիկա կը պաշտպանէ նեարդային բջիջները եւ կը մասնակցի «նիւրոթրանսմիթըր»ներու արտադրութեան։

«Վիթամին B12-ի պակասի ախտանշաններ կրնան ըլլալ վատ յիշողութիւնը, խառնաշփոթ գիտակցութիւնը, «տիփրեշըն»ը եւ նոյնիսկ տկարամտութիւնը»,- կը հաւաստիացնէ բժիշկ Էլիզապէթ Ուորտ։

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ