Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Աղիքներու Մանրէները Կրնա՞ն Խանգարել Նիհարնալու Գործընթացը

Նիհարնալու փորձերու արդիւնաւէտութիւնը կապուած է ոչ միայն անոր հետ, թէ մարդ որքան կ՛ուտէ եւ կը շարժի, այլ նաեւ՝ աղիքներու «մայքրոպիոթա»-ի հետ: Այս մասին յայտնած են Սիեթլի համակարգային կենսաբանութեան հիմնարկի գիտնականները:

գիտնականները վերլուծած են աւելորդ կշիռքի դէմ պայքարի մասշտաբային ծրագիրի մօտաւորապէս 100 մասնակիցի տուեալները: Անոնց կէսը յաջողած է 6-12 ամսուան ընթացքին կորսնցնել կշիռքին 1 առ հարիւրը, մնացեալներու կշիռքը մնացած է կայուն, փոխանցած է Medportal.ru-ն:

Մասնագէտները «ճենեթիք» հետազօտութիւն կատարած են մասնակիցներու արեան եւ աղիքներու պարունակութեան վերաբերեալ: Անոնք յայտնաբերած են աղիքներու «մայքրոպիոմ»ի 31 առանձնայատկութիւն այն մարդոց մօտ, որոնք տարբեր ձեւով արձագանգած են կշիռքի կորուստի ծրագիրին: Այդ տարբերութիւնները կապուած են մանրէներու՝ ածխաջուրերը եւ սպիտակուցները քայքայելու, սթրեսին արձագանգելու եւ բազմանալու ունակութեան հետ:

Անոնց մօտ, որոնք նիհարնալու ժամանակ դժուարութիւններու կը հանդիպին, պարզուած է, որ կ՛աւելնայ օսլան շաքարի մէջ քայքայելու ունակութիւնը, որ կը ներծծուի աղիքներու մէջ: Գիտնականներու կարծիքով՝ աղիքներու մանրէները կ՛արձագանգեն նիհարնալու ծրագրին՝ փոխելով իրենց «ֆըրմենթային» աշխուժութիւնը: Անոնք կը կարծեն, որ «մայքրոպիոթան մեծ խաղացող» է, որ կը մասնակցի աւելորդ կշիռքի դէմ պայքարի յաջողութեան որոշումին:

«Մեր տուեալները կ՛ընդգծեն, որ աղիքներու «մայքրոպիոմ»ը կարեւոր զտիչ է մեր ստացած սնունդին եւ արեան շրջանառութեան միջեւ: Նիհարնալը կրնայ յատկապէս դժուար ըլլալ, երբ մեր մանրէները կը դանդաղեցնեն իրենց աճը, ինչպէս նաեւ կը քայքայեն սնունդի մանրաթելերը մինչեւ «էներճիով» հարուստ շաքարը: Շաքարը կ՛երթայ արեան մէջ, նախքան մանրէները հասցնեն քայքայել զայն մինչեւ օրկանական թթուներ», – ըսած է հետազօտութեան համահեղինակ Քրիսթիան Տայնըր:

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ