Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Ճիշդ Պանիր Ընտրելու Համար Ի՞նչ Բանի Պէտք Է Ուշադրութիւն Դարձնել

Պանիր գնելու ժամանակ աւելի լաւ է նախապատւութիւնը տալ բնական բաղադրութեամբ արտադրութիւններու: Այս մասին յայտնած է սննդաբան Ելենա Սոլոմաթինա: Մասնագէտին խօսքով` աւելի լաւ է խուսափիլ աղի բարձր պարունակութեամբ պանիրներէն: Բացի ատկէ՝ լաւ, որակաւոր պանիրը պէտք չէ վնասակար յաւելումներ պարունակէ:

«Աւելի լաւ է առանց կաթի իւղի փոխարինողներու, առանց արմաւենիի իւղի ուտելիք գնել: Մասնաւորաբար, վերամշակուած պանիրներուն յատուկ աղեր կ՛աւելցնեն. աւելի լաւ է հրաժարիլ նման պանիրներէն»,- ըսած է ան:
Գնելու ժամանակ յանձնարարելի է նաեւ ուշադրութիւն դարձնել գինին վրայ: Մասնագէտին կարծիքով` լաւ պանիրը չի կրնար շատ աժան ըլլալ: Ան նաեւ նշած է, որ «կոշտ» պանիրները աւելի սննդարար նիւթեր կը պարունակեն:

«Որքան պինդ է պանիրը, այնքան աւելի խտացուած է ու աւելի սպիտակուց եւ քալսիում կը պարունակէ: Նման պանիրներու մէջ, որպէս կանոն, շատ աւելի աղ կ՛ըլլայ. բայց պէտք չէ չափէն աւելի ըլլայ»,- ըսած է ան:

Սննդաբանը ընդգծած է, որ բնական տնտեսութիւններու պանիրները կրնան աւելի որակեալ ըլլալ, քան մթերային խանութներու պանիրները: Սակայն ատոնք գնելու ժամանակ մասնագէտը կը յանձնարարէ նայիլ բաղադրութեան:

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ