Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Ֆինլանտան Կը Դադրեցնէ Moderna-ով Երիտասարդ Մարդոց Պատուաստումները

Ֆինլանտան դադրեցուցած է Moderna Spikevax-ով մինչեւ 30 տարեկան տղամարդոց պատուաստումը՝ «միոքարտիթ»ի (սրտի բորբոքում) զարգացման վտանգին պատճառով:

1991-էն ետք ծնած մարդոց կ՛առաջարկուի Pfizer/Biontech պատուաստը, փոխանցած է Reuters.com-ը:

Եթէ ​​մարդ ստացած է Moderna պատուաստի առաջին դեղաչափը, ապա երկրորդը կրնայ ստանալ Pfizer/Biontech-էն:

«Սկանտինավիան հետազօտութիւնը, որուն մասնակցած են Ֆինլանտան, Շուէտը, Նորվեկիան եւ Տենմարքը, ցոյց տուած է, որ մինչեւ 30 տարեկան մարդիկ, որոնք ստացած են Moderna Spikevax-ը, «միոքարտիթ»ով հիւանդանալու աւելի մեծ վտանգ ունեցած են, քան միւսները»,- ըսած է Առողջապահութեան ազգային հիմնարկի ներկայացուցիչ Միքա Սալմինեն:

Ֆինլանտան առաջին երկիրը չէ, որ նման որոշում տուած է: Շուէտը եւ Տենմարքի առողջապահութեան մարմինները նոյնպէս դադրեցուցած են Moderna պատուաստի օգտագործումը բոլոր երիտասարդներու եւ փոքրիկներու համար` վկայակոչելով նոյն հետազօտութիւնը:

Տենմարքի առողջապահութեան մարմնի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ պատուաստուածներու ծիրին մէջ «միոքարտիթ»ի դէպքերու թիւը շատ փոքր է, ինչպէս նաեւ` նման կողմնակի «էֆեքթ»ի յառաջացման վտանգը: Նախնական հետազօտութեան տուեալները կողմնակի ազդեցութիւններու կոմիտէին կողմէ ուղարկուած են Եւրոպական դեղերու գործակալութեան (EMA):

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ