Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայոց Մեծերից Զօրավար Անդրանիկ Փաշա

«Թշնամին Թողուլ Եւ Ներքին Մանր-Մունր Հաշիւներով Զբաղիլ, Ոճիր Է, Հայրենիքի Մահն Է»

Դիմում-Կտակն Իր Զինուորներին

Յարգանքի Համար (Զինուորներուս)

Համադրեց՝ ՊՕՂՈՍ ԼԱԳԻՍԵԱՆ

Երբ թուղթերուս ծրարները կը քրքրէի, Կովկասեան ճակատին վրայ ձեր կատարած գործերուն համեստ օրագրութեան հանդիպեցայ, ձեր ընկեր զինուորներէն մէկուն կողմէ նօթագրուած: Կարօտցած բարեկամի մը եւ սիրական դէմքի մը նման ողջագուրեցի զայն, համբուրեցի ձեզ՝ համբուրելու անուշ զգացումն ունենալով: Ձեր ընկերը, իր համեստ կարողութեամբ նօթագրած չէր եւ ոչ ալ պատմած էր ձեր կրած չարչարանքները, զրկանքները եւ նեղութիւնները, այլ մէկ երկու տողերով օրուան անցքերը եւ մեծ կռիւներուն պատմութիւնները ըրած էր »օր մը  գուցէ այդ զոհաբերումները պէտքի մը ծառայեն».

 Սիրելի զինուորներս,      

Հիմա, որ ձեր կատարած գործերուն շատ համեստ կերպով նկարագրուած պատմութիւնը մամուլին կը յանձնեմ, չեմ կրնար յարգանքի եւ հիացումի երկու խօսք չըսել ձեր անունին, երբ կը մտաբերեմ ձեր կատարած զոհաբերումներն ու յաղթանակները: Վերջին տխուր դէպքերուն առջեւ երբ կը կարմրինք ու երբ օտարներ կը փորձեն անուանարկել Հայ զինուորին արժանապատւութիւնը, դուք ձեր քաջութեամբ, ձեր պատմութեամբ եւ գործերով անոնց աչքերուն առջեւ կը ցցուիք, արհամարհելով զանոնք, բարձր բռնելով Հայ զինուորին եւ Հայ ցեղին արժանապատւութիւնը: Դուք գիտցաք կռուիլ անոր համար, որ դուք կը հասկնայիք ԿՌՈՒԻՆ ԱՐԺէՔԸ,  դուք կրցաք պարտութեան մատնել թշնամին եւ հիացում հրաւիրել ձեր վրայ, անոր համար, որ ԳԻՏԷԻՔ ՆՈՒԻՐՈՒՄ ԵՒ ԳԻՏԷԻՔ ԾԱՌԱՅԵԼ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ: Երեսուն տարիներէ ի վեր Հայ զինուորը բարձր բռնեց իր անունը եւ պատիւը: Սասունէն սկսեալ մինչեւ Պալքանեան պատերազմը եւ անկէ մինչեւ Զանգեզուր, Սիսեան, Ղապան ու Զապուխ Հէքէրլու գետերը Կովկասի ճակատին վրայ ձեր մարտնչումները աշխարհ հիացուցին: Ֆէրիք, Ալի, Եավէր, Ալի Իհսան, Խէլիլ, Վէհիպ եւ Նուրի փաշաները եւ անոնց ամէնայետին զինուորներն իսկ տեսան ու ճաշակեցին ձեր մարտնչումները .  .  . : Անոնք ճանչցան ձեր ուժն ու սիրտը եւ վարանեցան ձեր առջեւ, բայց ձեր հարազատ ցեղին մէկ մասը չճանցաւ .  .  . ու չյարգեց ձեզ .  .  . : Ինչ՜ բան էր, որ մղեց ձեզ թողուլ ձեր տուները, ձեր գործերը եւ հանգիստը, երիտասարդ կեանքի վայելքներուն հետ եւ գալ պատերազմի դաշտ շալկելու ձեր հրացանն ու աուրիկը: Ես կը զգայի եւ կը հասկնայի ձեր զոհաբերումներուն արժանիքը եւ իմաստը: Ես գիտէի, թէ որքան ծանր էր ձեր վրայ ճնշող պատասխանատուութիւնն ու պարտականութիւնը: Մեծ համբերութեամբ կրեցիք ձեր չարչարանքները եւ մեծ հաւատքով տարիք ձեզի յանձնուած գործը: Ես չլսեցի տրտունջի ոչ մէկ բառ, ցաւի ոչ մէկ արտայայտութիւն: Մերկ էիք, անօթի մնացիք օրերով, ձմրան ցուրտը, փուքն ու քամին, ձիւնն ու անձրեւը, կարկուտին հետ ծեծեցին ձեզ, բայց դուք արհամարհեցիք զանոնք թշնամիին գնդակներուն հետ: Ձեր այս կեցուածքը քաջալերեց զիս, ուրախացուց սիրտս եւ մենք կրցանք շահիլ փառաւոր յաղթանակներ ՀԱՅ ԱՆՈՒՆԻՆ ՀԱՄԱՐ: 6000 վերստ ճամբայ կտրեցիք Կովկասի ճակատին վրայ խոչնդոտներու եւ դժուարութեանց կուրծք տալով: Դուք ԼԱՊՏԵՐՆԵՐՆ էիք Ռուս բանակին, դուք առաջնորդները Ռուս զինուորի շաւղին: Օտարը հիացաւ ձեր վրայ, ՀԻԱՑԱՒ ձեր Հրամատարն ալ բերկրեցաւ ձեզ համար, վստահ ձեր Հայու հզօր բազուկներուն նոր յաղթանակներու դիմեց:

Ի՞նչ վսեմ սէր ու մաքուր զգացում էր, որ ունէիք դուք ձեր կրծքերուն տակ: Ես բոլոր դժուարութիւններուն մէջ ձեր դէմքերուն վրայ հրճուանք կը տեսնէի, երբ ասկէ ու անկէ Հայ մանուկներ եւ Հայ գաղթականներ հաւաքելով ինծի կը բերէիք: Դուք ձեր հացը, ձեր հագուստը եւ հանգիստը կը տրամադրէիք անոնց երջանկութեան, անոնց բարօրութեան եւ հանգստին համար:  Ռուս պետութիւնը ձեր կուրծքերը ոսկի եւ արծաթ խաչերով եւ մետալներով պսակեց: Այդ խաչերը եւ այդ մէտալները օտար զինուորականներու գովեստին հետ ձեր սրտերը հրճուանքով չլեցուցին այնքան, որքան հրացանը ձեռքերնիդ թշնամիին դիմաց վրէժը վրէժով եւ արիւնը արիւնով կը մաքրէիք .  .  . Թշնամիին անկումը ձեր հրճուանքն էր եւ Հայու մը ազատագրումը ձեր ժպիտը: Ինկան ձեզմէ շատերը: Անոնց աճիւնները խառնուեցան մայր հողին: Խունկով ու աղօթքով օրհնուած ու սրբացած գիր մը չդրին անոնց վրայ, աղօթք եւ սաղմոս չկարդացին, այլ միայն հովը սուլեց փայփայելով անոնց սեւ ու սիրուն վարսերը: Սիրելի Զինուորներս. Սա մէկ քանի տողերս իբր յարգանքի եւ գնահատանքի նշան ձեզի կը թողում իբր կտակ եւ սրտաձօն ապրողներուդ եւ իբր տապանաքար անթաղ եւ անշիրիմ զինուորներուս:

Զօրավարը մահուանից առաջ կնոջն ասել է հետեւեալը. Մահուան համար չեմ ցաւիր, կը ցաւիմ, թէ որքան ուրախ պիտի ըլլան թուրքերը: Ահա չեմ հոգար, այլ գործս կիսատ մնաց: Եթէ այս անգամ ցաւս զիս տանի, մարմինս օտար հողի վրայ չթողնէք, անպայման Հայաստան փոխադրէք:

Իսկ եթէ զիս հայրենիք չընդունի, ձեռքիս ցուսամատը կտրել կուտաս են հոն (էնտեղ) կ՛ուղարկես, տեղ մը թող թաղեն: Այս մատս շատ աշխատած է հայրենիքի համար եւ շատ յոգնած է, թող հայրենի հողի մէջ  հանգստանայ…:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ