Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 100-ամեակին Առիթով

ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) 100 տարուան դրական գործունէութիւնը անուրանալի է եւ ամբողջ պատմութեան ընթացքին իր կարեւոր եւ որոշիչ ներդրումը ունեցած է քաղաքական, ընկերային, մշակութային, կրթական եւ այլ բնագաւառներու մէջ՝ ի նպաստ հայ կեանքի բարելաւման։

Անշուշտ իր գործունէութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր զանազան երկիրներու մէջ, մասնաճիւղերու միջոցով՝ Միջին Արեւելքէն Հարաւային Ամերիկա, Եւրոպայէն Միացեալ Նահանգներ եւ Հայաստան, նաեւ հրատարակելով պաշտօնական լրագիրներ։

Մինչեւ Հայաստանի առաջին անկախութիւնը, յետոյ Խորհրղային Հայաստանի շրջանին եւ ապա 1991-ին անկախութիւն հռչակուելէն յետոյ, ՌԱԿ-ը իր անհրաժեշտ մասնակցութիւնը  բերաւ Հայաստանի բարգաւաճման եւ Սփիւռքի համայնքներուն հզօրացման։

Հայ ժողովուրղը տարբեր ժամանակներուն՝ պայմաններու փոփոխութեան առջեւ գտնուեցաւ մասնաւորաբար ԱՄՆ-ի մէջ, Արեւելեան նահանգներէն մինչեւ Արեւմտեան Նահանգները, նորեկներ աւելցան, նոր երեւոյթներ մէջտեղ ելան եւ ՌԱԿ-ը նոր շրջանի պահանջները գոհացնելու աշխատանքին լծուեցաւ։ Բացի հայ կեանքին օգտակար ըլլալու աշխատանքէն, զօրաւոր կապեր հաստատեց Ամերիկեան քաղաքագէտներու հետ՝ ի նպաստ Ամերիկահայ համայնքին եւ Հայաստանին։

ՌԱԿ-ը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ,  Ֆրեզնոյի, Ֆաուլըրի եւ շրջակայքին, Սան Ֆրանսիսքոյի ու մանաւանդ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ, նաեւ Նիւ Եորքի, Պոսթոնի, Ֆիլատելֆիոյ, Շիքակոյի, Տիթրոյթի եւ Քանատայի մէջ։


ՌԱԿ-ը հիմնուեցաւ Պոլսոյ մէջ Հոկտեմբեր  1, 1921-ին՝ երեք կազմակերպութիւններու միացումով –  Արմենական, Վերակազմեալ Հնչակեան եւ Սահմանադրական Ռամկավարութեան։ ՌԱԿ-ը կը նկատուի շարունակութիւնը առաջին կուսակցութեան՝ Արմենական, որ հիմնուած էր Վանի մէջ 1885-ին։

Այս տարի կը նշուի ՌԱԿ-ի 100-ամեակը եւ այս առիթով պատմական հակիրճ տեղեկութիւններ պիտի ներկայացնեմ կուսակցութեան գործունէութենէն քաղուած։ Անշուշտ լրիւ պատկերը չէ, բայց ամփոփուած կարեւոր պատմական իրողութիւններ են։։

1917-ին Ամերիկան պատերազմի մէջ էր Գերմանիոյ դէմ, եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ Արմենականները զինուորներու խումբեր կազմեցին Արարայի ճակատամարտին մասնակցելու համար։

1919-ին Ռուբէն Հերեան Քալիֆորնիա այցելեց եւ այդ առիթով դրամահաւաք մը եղաւ մասնակցութեամբ Արմենականներուն  եւ շուրջ $50,000 գոյացաւ։

1920-ին Ֆրեզնոյի ՌԱԿ-ի ակումբները իրենց զանազան գործունէութիւններու կողքին, $30,000 հաւաքեցին Հայ կամաւորներուն եւ իրենց ընտանիքներուն օգնելու նպատակով։

1919-1920 տարիներուն Ամերիկայի մէջ Զօրավար Անդրանիկի հետ ՌԱԿ-ը Փրկութեան Հանգանակութեան մարմին մը կազմեց։ Դրամահաւաքի աշխատանքին լծուեցան եւ անհաւատալի գումար մը հաւաքեցին, շուրջ $532,000։ Այդ գումարին  $175,000 ղրկուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան, $130,000 Պոլսոյ Պատրիարքարան, մնացեալը բաշխուեցաւ Եղեռնէն վերապրողներուն եւ Կիլիկիոյ Հայերուն։։

1941-ին, պայմաններու բերումով, ՌԱԿ-ը կազմակերպեց Ամերիկահայ Ազգային Խորհուրդ մը, ՌԱԿ-ի, Հնչակեաններու եւ Յառաջդիմական Միութեան մասնակցութեամբ։ Քաղաքական զանազան շինիչ գործունէութիւններու կողքին,  շուրջ $100,000 հաւաքուեցաւ պատերազմի զոհերու ընտանիքներուն օգնելու համար:   

1945-ին Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ կազմուող Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) յուշագիր մը ներկայացուց Ամերիկայի Ազգային Խորհուրդը որպէսզի օրակարգի վրայ դրուի Թուրքիոյ կողմէ պատմական Հայաստանի բռնագրաւուած հողերը վերադարձուին Հայերուն։ Դժբախտաբար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չմասնակցեցաւ այս դիմումնագիրին։

1947-ին Ամերիկայի Ազգային Խորհուրդը, Համահայկական Քոնկրէսը եւ Յանձնախումբ մը հանդիպումներ ունեցան Ամերիկայի Պետական անձնաւորութիւններու հետ, մասնաւորաբար Ամերիկայի Պետական Քարտուղար Տին Էչիսընի հետ Հայկական հարցի վերաբերեալ;

1954-ին, Թուրքիոյ ղեկավարներուն հետ խօսակցութեան ընթացքին, Վարչապետ Կէորկի Մալենքով ըսած էր թէ հայերը կրնան հրաժարիլ հողային պահանջներէն։ Այդ առիթով, ՌԱԿ-ի յուշագիրը կը պնդէր որ հայութիւն չի կրնար հրաժարիլ հողային պահանջէն։  ՌԱԿ-ի Թ․ Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովին կողմէ յուշագիրը  ներկայացուեցաւ Սովետ Նախագահ Վորոշիլովին։

1965-ին, Եղեռնի  50-ամեակին առիթով յուշագիր մը հրատարակուեցաւ Սովետական «Իզվեստիա», «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ այլ թերթերու առաջին էջերուն վրայ ստորագրութեամբ ՌԱԿ-ի շրջանակին կողմէ Օգսէն Սարեանի, Անդրանիկ Անդրէասեանի, Արման Կիզիրի եւ ուրիշներու ստորագրութեամբ։

1967-ի Ապրիլի  23-ին հիմնուեցաւ Մոնթեպելլոյի Հայ Նահատակաց Յուշարձանը համայնքային մարմինի մը կողմէ, որուն մաս կազմեցին նաեւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներ Գէորգ Մանտոսեան եւ Յակոբ Նազարեան։ Յիշատակի Օրերու յայտագիրներուն միշտ ելոյթներ ունեցած եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներ։          

1967-ի Ապրիլին Թուրքիոյ Նախագահ Ճեւտէթ Սունայ ՄԱԿ-ի ժողովին մասնակցելու համար Ամերիկա եկած էր։ ՌԱԿ-ի նախաձեռնութեամբ, Հալկական Դատի Յանձնախումբը յուշագիր մը ղրկեց ՄԱԿ-ին։ ՀՅԴ-ն վերջին վայրկեանին մերժեց ստորագրել յուշագիրը, որ տպագրուեցաւ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ, պահանջ ներկայացնելով որ Թուրքիա ընդունի Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ գրաւեալ հողերու վերադարձը Հայաստանի։ Յայտարարութիւնը ստորագրած էին հայ համայնքի 35 հանրածանօթ եւ ղեկավար դէմքեր, ինչպէս Տատուր Տատուրեան, Արշակ Տիգրանեան, Եղիա Սիրվարդ, Փրոֆ․ Վահագն Տատրեան, Փրոֆ․ Մանասէ Սեւակ, Անդրանիկ Անդրէասեան, Մայքըլ Քըրմոյեան, Տիգրան Սմսարեան եւ ուրիշներ։

ՄԱԿ-ը որոշած էր Մուսթաֆա Քեմալի մահուան 20-ամեակին առիթով դրոշմաթուղթի մը վրայ Քեմալի նկարը տպագրուի։ Բողոքագիր ղրկուեցաւ UNESCO-ի եւ ՄԱԿ-ի բոլոր անդամ երկիրներուն։ Երկու երկիր արդէն հրատարակած էին դրոշմաթուղթեր։ Բայց միւս բոլոր երկիրները մերժեցին։  Յայտարարութիւնը տպագրուեցաւ Armenian Mirror-Spectator շաբաթաթերթին եւ այլ թերթերու մէջ Փետրուար 12, 1964-ին։ ՌԱԿ-ն ալ մասնակցած  էր այս յուշագիրի պատրաստութեան։

ՌԱԿ-ը յուշագիրներ ղրկած էր Խորհրդային Միութեան ղեկավար Քոսիկինին՝ պահանջելով որ Արեւմտահայաստանի բռնագրաւուած հողերը վերադարձուին Հայաստանին։ Յուշագիրը գրուած էր 26 Յունուար , 1962-ին՝ ստորագրուած ատենապետ Տիգրան Պօյաճեանի եւ ատենադպիր Անդրանիկ Անդրէասեանի կողմէ։

 Թուրքիոյ վարչապետ Պիւլենտ Էճեւիտի Մոսկուա այցելութեան առիթով ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Նախագահ Լէոնիտ Պրեժնեւին հեռագիր ղրկեց  22 Յուլիս, 1978-ին, յիշեցնելով որ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը կատարուած էր Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ՝ փորձելով բնաջնջել Հայ ժողովուրդը։ ՌԱԿ-ը կը թելադրէր Պրեժնեւին որ  երեք կէտեր նկատի ունենար  հանդիպումին կապակցութեամբ – 1) Հայկական Ցեղասպանութեան պատասխանատւն 

 2) Հայերու կրած կորուստներու հատուցում 

3) Բռնագրաւուած հողերու վերադարձ իսկական տէրերուն։

Հայաստանի 1991-ի անկախութենէն ետք, կեանքի պայմանները փոփոխութեան ենթարկուեցան։ ՌԱԿ-ը կապերը զօրացուց Ամերիկայի քաղաքագէտներուն եւ մանաւանդ անոնց հետ, որոնք ընտրուած են Ամերիկան ղեկավարելու։

 Վերջին 25 տարիներուն Ամերիկեան քաղաքական կեանքին  մէջ կարեւոր բարելաւումներ  տեղի ունեցան Հայութեան հետ կապուած, երբ 1995-ին քոնկրէսմէններ Բալոն եւ Բորթըր Ամերիկեան Քոնկրէսին մէջ ստեղծեցին Հայկական Հարցերու խումբ (Caucus) հայկական հարցերը պաշտպանելու համար,  օժանդակութեամբ Հայկական Համագումարին, մասնակցութեամբ Հանրապետականներու եւ Տեմոքրաթներու։  Այսօր, այս մարմինը 126 քոնկրէսմէն ունի որպէս անդամ հայկական հարցերը պաշտպանող, բան մը, որ պատմութեան մէջ երբեք չէ պատահած։

ՌԱԿ-ը կը շարունակէ իր քաղաքական աշխատանքները աշխարհի տարածքին ուր որ հայ համայնք գոյութիւն ունի։

Ամերիկայի ընտրուած ներկայացուցիչներու հետ՝ ի նպաստ Ամերիկայի եւ Հայ  համայնքի յարաբերութիւններու հզօրացման աշխատանքները կը շարունակուին՝ ի յօգուտ ամենօրեայ հայկական հարցերու բարելաւման։  

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

1 մեկնաբանութիւն

  1. Գնահատելի եւ ուսանելի են Օշին Քէշիշեանի համապարփակ ամփոփ եւ թուականներով ճշդուած քայլերը մեր անցեալ դարու անմիջական պատմութեան տասնամեակներու ընթացքը մինչեւ մեր օրերը։ Յարգելի խմբագիրը կարողացած է միջազգային տարողութեամբ դէպքերը յաջորդաբար կշռելու ու վաւերական տուեալներու վրայ վերլուծելու մեր մօտիկ անցեալի ազգային դէպքերն ու դէմքերը։ Շնորհակալ ենք Օշին ակնարկի մը ներքեւ մեզի հրամցնելու այդ ճկունութեանդ համար։ Գնահատելի եւ ուսանելի։

    Զաւէն Ա Քհնյ Արզումանեան

Comments are closed.

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ