Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2024

Շաբաթաթերթ

Քորոնա Ժահրի A.30 Տարբերակը Կրնայ Խուսափիլ Չէզոքացնող Հակամարմիններէն

Քորոնա ժահրի A.30 տարբերակը (A.VOI.V2), որ յայտնաբերուած էր 2021ի գարնան Անկոլայի եւ Շուէտի մէջ գտնուող հիւանդներու մօտ, կրնայ խուսափիլ դիմադրողական պատասխանէն՝ չեզոքացնող հակամարմիններու միջոցով: Այս մասին կը նախազգուշացնեն Գերմանիոյ Կիոթինկենի համալսարանի գիտնականները, որոնք իրենց գիտական ​​աշխատանքի մանրամասնութիւնները հրապարակած են Nature ամսագրին մէջ։

Հեղինակները ուսումնասիրած են հիւրընկալող բջիջներու ներթափանցումը եւ հակամարմիններու միջնորդաւորուած A.30 տարբերակի չէզոքացումը: Բաղդատութեան համար վերլուծուած են Beta (B.1.351) եւ Eta (B.1.525) տարբերակները` երկու տարբերակներ, որոնք առաջին անգամ յայտնաբերուած էին Ափրիկէի մէջ: Պեթա տարբերակը, որ մտահոգիչ տարբերակ (VCV) կը նկատուի, չէզոքացման դիմադրութեան ամէնէն բարձր մակարդակը ցոյց կու տայ SARS-CoV-2-ի նմանատիպ շտամներու ծիրին մէջ:

A.30 տարբերակի S-սպիտակուցը 10 ամինաթթուներու փոխարինումներ եւ 5 «տելեսիա» (միւթէյշըն, որ տեղի կ՛ունենայ քրոմոզոմի որեւէ տեղամասի կորուստի պարագային) կը պարունակէ, այսինքն՝ քրոմոզոմային վերադասաւորումներ, որոնք DNAի մէկ բաժինի կորուստին կը յանգեցնեն: Բոլոր «տելեսիա»ները եւ չորս փոխարինումները կը գտնուին այն բաժինին մէջ, որ RBDի (ռիսեփթըր կապող տիրոյթ) դէմ չուղղուած չէզոքացնող հակամարմիններու մեծամասնութեան թիրախն է: Երեք «միւթէյշըն»ները տեղակայուած են RBDին մէջ, որ կը կապուի ACE2 բջիջային ընկալիչի հետ եւ չէզոքացնող հակամարմիններու հիմնական թիրախն է:

Ինչպէս պարզուած է, A.30ը աւելի դիւրութեամբ կը ներթափանցէ բջիջներ եւ աճող դիմադրութիւն ցոյց կու տայ պատուաստումի պարագային յառաջացած որոշ տեսակի հակամարմիններու նկատմամբ: Ըստ որուն, չէզոքացման դիմադրութիւնը նոյնիսկ աւելի բարձր եղած է, քան քորոնա ժահրի պեթա տարբերակի մօտ։ Սակայն, միեւնոյն ժամանակ, Pfizer/BioNTech պատուաստը կրնայ բաւական յուսալի պաշտպանութիւն ապահովել A.30 շտամէն:

A.30 տարբերակը մանրակրկիտ «մոնիթորինկ» եւ արագ գործողութիւններ կը պահանջէ` ատոր տարածումը կանխելու համար, կ՛ըսեն գիտնականները:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ