Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Ընկուզեղէնի Ճիշդ Օգտագործման Ձեւերը՝ Օգտակար Ըլլալու Համար

Ընկոյզը, նուշը, պիստակը եւ հնդկական ընկոյզը օգտակար են «էներժին» ամբողջացնելու, ինչպէս նաեւ՝ սրտանօթային համակարգի կարգաւորման համար, սակայն սխալ օգտագործման պարագային կրնան վնասակար ըլլալ օրկանիզմին համար: Նման կարծիք յայտնած է սննդաբան Արտեմ Լէոնով:

Մասնագէտը նշած է, որ թէեւ ընկոյզները կը պարունակեն շատ օգտակար մաքրօ եւ միքրոտարրեր, մանրաթելեր եւ սպիտակուցներ, ատոնք նաեւ կը պարունակեն նիւթեր, որոնք կը ճնշեն «ֆըրմենթ»ները։

«Ընկուզեղէնին մէջ առկայ բոլոր օգտակար նիւթերը կը գտնուին ոչ աշխուժ վիճակի մէջ, սահմանափակուած են բնական պահածոյացնող նիւթերով եւ ոչ մէկ օգուտ կը բերեն օրկանիզմին։ Ջուրը կը չէզոքացնէ բնական պահածոյացնող նիւթերը: Ընկոյզին հետ ջուրի օգտագործման պարագային, բոլոր «միքրօ» եւ «մաքրոէլեմընթ»ները կ՛անցնին «աքթիվ» ձեւի եւ հասանելի կը դառնան օրկանիզմին»,- նշած է մասնագէտը։

Մասնագէտին համաձայն՝ ընկուզեղէնը օգտակար կ՛ըլլայ օգտագործել 6-8 ժամ ջուրի մէջ թրջելէն ետք։

«Այս միակ միջոցն է ընկոյզներու մէջ ներդրուած բնութեան ամբողջ ուժը ստանալու համար», – ըսած է սննդաբանը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ