Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ

«Զուարթնոց» Մշակութային Մարմինի Տասնամեակի Տօնակատարութիւն Հայերէնի Ուսուցիչը Ի Պատուի

Տասը տարիներ առաջ, 2011 թուականին, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի բարեխնամ առաջնորդ՝ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ ծնունդ առած «Մշակութային մարմինը» հետագային կոչուեցաւ «Զուարթնոց», եւ «որուն գլխաւոր առաքելութիւնը եղաւ, բազմատեսակ ծրագիրներով սատարել հայոց լեզուի, գրականութեան, մշակոյթի եւ տոհմիկ աւանդութեանց պահպանման, ինչպէս նաեւ ամրապնդել այն հաւատքը, թէ հայրենիքն է անխախտ կռուանն ու փարոսը սփիւռքահայութեան», յայտագիր-գրքոյկին մէջ կը նշէ «Զուարթնոց»-ի ատենապետ՝ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան։

Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 7 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ։

Ներկայ էին մեծ թիւով հայերէնի նախկին թէ ներկայիս գործող ուսուցիչներ, որոնք յատկապէս հրաւիրուած էին կազմակերպիչ մարմինին կողմէ որպէս օրուան մեծարեալներ։ Արդարեւ, գեղեցիկ եւ օրինակելի քայլ մը, որուն արժանի են բոլո՛ր հայ դասատուներն ու տնօրէնները, բայց յատկապէս հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան, կրօնքի, երաժշտութեան ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։

Փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան

Որպէս գլխաւոր բանախօս հրաւիրուած էր Ֆրեզնոյի համալսարանի Հայագիտական բաժինի պատասխանատու Փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանը։ Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին Լոս Անճելըսի մօտ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանն ու ազնիւ տիկինը։

Մշակութային մարմինի ատենապետ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան բացման խօսքին մէջ կարեւորեց մշակոյթի, յատկապէս հայ մշակոյթին դերը հազարամեայ հայրենիքէն ներս թէ դուրս՝ արտասահմանի մէջ։ Հայրենի պետականութեան կորուստին դիմաց, Տոքթ. Սիմոնեան շեշտեց. «Հայ ժողովուրդին շուրջ ամէն բան փուլ եկաւ, բայց կանգուն մնաց կարեւորագոյնը՝ Հայ մշակոյթը եւ զայն խորհրդանշող հարուստ, հոյակերտ ու պատկառելի լեզուն Մեսրոպատառ։ …Ուրեմն ի՞նչ է Մշակոյթը. այն հզօրագոյն ուժը, որ կարողացած է մեզ պահել դարերու աննկարագրելի վտանգներէն», մատնանշեց ան։

Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Ֆրեզնոյի համալսարանի Հայագիտական ուսմանց կեդրոնի տնօրէն Փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան։ Յարգելի բանախօսը հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով կարեւորեց մշակոյթին դերը հայ կեանքին մէջ, այբուբենն ու Մեսրոպ Մաշտոցը սեպելով «զէնք եւ վահան»։ Փրոֆեսորը անդրադարձաւ հայերէնի հնդեւրոպական լեզուաճիւղին. նշեց, թէ հայկական մշակոյթը ունի ստեղծագործ ոգի մը։  Ան ըսաւ, թէ հպարտ ենք մեր մշակոյթով եւ առաջարկեց, որ լեզուն նոր ձեւերով մօտեցնենք նոր սերունդին եւ շարունակենք ստեղծագործել։ «Թող հայ մշակոյթը հազար տարի ե՛ւս ապրի» հռետորական ոճով եզրափակեց ան։

Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ վսեմաշուք հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան։ Ան բարձրօրէն գնահատեց «Զուարթնոց» մշակութային մարմինին ստեղծման ջանքն ու ճիգը։ Ողջունեց ներկայութիւնը հիւր փրոֆեսորին եւ արժեւորեց Ֆրեզնոյի համալսարանի հայագիտական կեդրոնի աշխատանքները։ Ան շեշտեց, թէ «քրիստոնէութիւնը հայկականացուել է մեր մշակոյթի միջոցով», աւելցնելով, թէ մշակոյթը պահելը քիչ է, այն պէտք է զարգացնել։ Հայրենիքը նկատելով կարեւորագոյն աղբիւր մեր մշակոյթի, Դոկտ. Բայբուրդեան կարեւորեց Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ թեմերուն դերը, որոնք մշտապէս սատար կը կանգնին մեր մշակոյթին։ Հայրենի դիւանագէտը, իր խօսքի աւարտին, անդրադարձաւ «մշակութային դիւանագիտութեան» հզօր ազդակին։

Գեղարուեստական յայտագիրը ճոխ էր եւ բազմաժանր։ Աշակերտուհիներ Լորիկ Արթինեան (Sound of Children) եւ Էլեն Վարդանեան (Blair High School) հանդէս եկան բանաստեղծութիւններով, UCLA-ի ուսանողուհիներ Ալեքսանդրա եւ Լիլիա Եարալեան քոյրեր՝ զուգերգ եւ նուագ քանոնի վրայ, Ռուբէն Յարութիւնեան՝ դուդուկ, Մերուժան Մարգարեան՝ ջութակ, ինչպէս նաեւ ազգագրական պարերով խանդավառեց Վարդան եւ Արմինէ Աղաջանեաններու «Զուարթնոց» պարախումբը։

Հանդիսութեան աւարտին, Լոս Անճելըսի մէջ գործող զանազան ամենօրեայ ու շաբաթօրեայ դպրոցներու նախկին թէ ներկայիս գործող հայերէնի վաստակաշատ ուսուցչուհիներ եւ ուսուցիչներ պատուըուեցան Առաջնորդարանին ու «Զուարթնոց» մշակութային մարմինին կողմէ իրենց «մատուցած երկար տարիներու հայերէն լեզուի ուսուցման բարեբաստիկ առիթով»։ Այդ պատուին արժանացան նախկին ուսուցիչներ՝ Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Նազիկ Գոճայեան, Գէորգ Պետիկեան, Դոկտ. Էլլի Անդրէասեան, Լուիզա Իւթիւճեան, Աշխէն Իսբէնճեան, Հերմինէ Սահակեան, Արփի Արսլանեան, Մէյրի Պոյաճեան, Լինա Արսլանեան, Էմմա Ումրոյեան, ինչպէս նաեւ Տաթեւ Կարապետեան, Արաքս Գումրուեան, Անահիտ Դաւթեան, Ռուզան Բաղդասարեան, Յովհաննէս Սրկ. Գումրուեան, Սեդա Աբաջեան, Մարալ Դաւիթեան, Անի Մարսէլեան, Բէկի Ճինպաշեան, Ցոլին Գէորգեան,  Լիզա Մանոյեան, Լուսի Մէնէշեան, Ազնիւ Սարայտարեան, Սոնա Պատալեան, Լենա Էքմէքճեան, Մայտա Պապումեան, Նորայր Տատուրեան, Լինտա Գանտիլեան, Նորա Պուլտուքեան, Մարօ Գույումճեան, Հրաչ Սեփեթճեան, Քնար Պօղոսեան, Թագուշ Նալպանտեան, Աննա Եարալեան եւ Մարալ Ոսկեան։ Գնահատագիրերուն կողքին մեծարեալները ստացան  Առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն օրինակներ եւ զոյգ մը վարդ՝ որպէս խորհրդանիշ տասնամեակներու քրտնաջան վաստակի։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքը արտասանեց Գերշ. Հայր Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան ի բացակայութեան Յովնան արքեպիսկոպոսի, ուր ան կը շնորհաւորէր «Զուարթնոց» մարմինի տասնամեակը, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։ Հայր Տաճատ անդրադարձաւ մշակոյթը պահելու դժուարութիւններուն, քաջալերեց հայերէնախօսութիւնը եւ շեշտեց «ուսուցչական ասպարէզը հրապուրիչ դարձնելու հրամայականը»։ Ան ներկաներուն յանձնեց երկու բառ՝ «ինքնաքննութիւն եւ վերարժեւորում», ուր խտացած կը տեսնենք մեր երէկը, այսօրն ու վաղը։

Այս առիթով պատրաստուած յայտագիր-գրքոյկը կը ներկայացնէր «Զուարթնոց»-ի տասնամեայ գործունէութիւնը (աւելի քան 25 միջոցառում)  լուսանկարներով ճոխացած։ Այս հանդիսութեան գլխաւոր հովանաւորն էր Տիկին Սիպիլ Աբրահամեան, ինչպէս նաեւ իրենց լուման բերած էին Դոկտ. Մարալ Տէպաղեան-Անճառկոլեան եւ Տէր եւ Տիկին Վարդգէս եւ Ռամելա Սերոբեաններ։

Կը շնորհաւորենք Արեւմտեան թեմի «Զուարթնոց» մշակութային մարմինի բոլոր անդամները գլխաւորութեամբ անոր գրասէր ու մշակութասէր ատենապետին՝ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեանին։ Անտարակոյս, բաց մը լրացնելու միտող ձեր տասնամեայ աշխատանքը տուած է իր պտուղը։ Բարի երթ դէպի երկրորդ տասնամեակ։

Զ.

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ