Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Տօնածառի Լուսավառութեան Հանդէս

Հինգշաբթի՝ 2 Դեկտեմբեր, 2021-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին՝ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Ս․ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի  բարձր հովանաւորութեամբ՝ առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Թրբանճեան» շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորեայ տօնածառի լուսավառութեան հանդէս, ուր մէկտեղուել էին հարիւրաւոր մանուկներ իրենց ծնողներու, տատիկներու եւ պապիկներու հետ միասին, վայելելու  համար  օրուան գեղեցիկ ու հեքիաթային միջոցառումներու շարքը։

Միջոցառմանը ներկայ էին նաեւ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Ս․ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը, Ս․ Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ՝ Տ․ Խաժակ քհնյ․ Շահպազեանը, Տ․ Վազգէն քհնյ․ Մովսէսեանը եւ Տ․ Գէորգ քհնյ․ Աբեանը։

Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․  Խաժակ քհնյ․ Շահպազեանը ներկաներուն ողջունելուց jետոյ, օրհնութեան եւ բարեմաղթութեան խօսքի համար հրաւիրեց Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազան Հօրը։  Սրբազան Հայրը ողջունելով ամէնուն, իր խօսքն ուղղեց մանուկներուն՝  նշելով, որ մանկական աշխարհը լի է գեղեցիկ, մաքրամաքուր հեքիաթներով  եւ երազներով՝ ուր անկարելին անգամ կարելի կը դառնայ: Ապա Սրբազան Հայրը օրհնեց բոլորին եւ մաղթեց նրանց քաջառողջութիւն, հոգեկան անդորր, երազանքների իրականացում, ոյժ, եռանդ եւ խաղաղ ու բարեբեր տարի, յոյս յայտնելով, որ գալիք տարին բոլորի համար նորանոր նուաճումներու ու վերելքներու տարի պիտի ըլլայ:  Այնուհետեւ բոլոր մանուկները Սրբազան Հօր հետ միաբերան արտասանեցին հետեւեալ աղօթքը․

«Ո՜վ Տէր Աստուած, օգնիր եւ պահապան եղիր մեր ծնողներուն, խոստանում եմ՝ լինել բարի զաւակ, միշտ աշխատասէր։

Ես պիտի մեծանամ հաւատքով, քրիստոնէական սիրով եւ Աստուածային իմաստութեամբ։

Այս ուրախ օրը փառք եմ տալիս Քեզ, որ մեզ առաջնորդեցիր դէպի սուրբ եկեղեցի, աղօթում ենք  աշխարհի խաղաղութեան համար եւ մանաւանդ Հայաստանի համար․ Ամեն»։

Աղօթքէն անմիջապէս յետոյ ջերմ ծափահարութիւններու ներքոյ վառուեց տօնածառի գունագեղ լոյսերը, որմէ յետոյ «Շնորհալի» երգչախումբը իր քաղցրահունչ երգ ու տաղով տօնական տրամադրութիւն հաղորդեց ներկաներուն։

Ապա մանուկներու խանդավառութիւնը կրկնապատկուեց, երբ յայտնուեցին բոլորի կողմէ սիրուած ձմեռ պապն իր հեքիաթային հերոսներով։

Խանդավառ տօնական միջոցառումը լի  բազում անակնկալներով, խաղերով եւ երգ ու պարով շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ երեկոյ։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ