Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Թոքաբորբոքում Կրնա՞յ Զարգանալ «Օմիքրոն»ով Վարակուելու Պարագային

Օմիքրոնի տարբերակով վարակումի պարագային թոքաբորբոքումը կրնայ աւելի արագ զարգանալ, քան միւս տարբերակներու պարագային: Նման կարծիք  յայտնած է վարակաբան Ալեքսանտր Սեմիոնով:

Անոր խօսքով՝ նոր տարբերակով վարակուելու պարագային, մարդու մօտ քանի մը օրերու ընթացքին կրնայ թոքաբորբոքում զարգանալ։ Համավարակի նախորդ հանգրուաններուն մէջ, երբ քորոնա ժահրի այլ տարբերակներով վարակում տեղի կ՛ունենար, վարակուելէն ետք մինչեւ թոքաբորբոքումի սկիզբը կը տեւէր 10-11 օր։ Հիմա անիկա նուազած է՝ մօտաւորապէս 3-5 օր։

Ըստ մասնագէտին՝ ժահրի նոր տարբերակի` թոքերու «էփիթել»ի հետ փոխազդելու կարողութիւնը կատարելագործուած է: Այդ կ՛արտօնէ ժահրին «աւելի արագ իջնելու թոքեր»՝ հրահրելով անոնց բորբոքումը։
Թոքաբորբոքումը կրնայ ունենալ հետեւեալ ախտանիշները.

  • խորխով հազ, արեան հետքերով,
  • տաքութիւն, սարսուռ,
  • կրծքավանդակի ցաւ, որ կը սաստկանայ խորունկ շնչելու, հազի ժամանակ,
  • յոգնածութիւն, թուլութեան զգացում,
  • հեւոց, շնչահեղձութիւն:

Բնականէն ցած մարմնի ջերմաստիճանը նոյնպէս կրնայ թոքաբորբոքումի հաւանական նշան ըլլալ, երբեմն` սիրտ խառնուքը: Տարեց մարդոց մօտ թոքաբորբոքումը կրնայ դրսեւորուիլ ապակողմնորոշմամբ:

afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ