Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Covid-19-Էն Ետք Կրնան Աւելնալ Հոգեկան Խանգարումները

Քորոնա ժահրով վարակուելէն ետք, մէկ տարուան ընթացքին, մարդու մօտ կ՛աւելնայ հոգեկան տարբեր խանգարումներու, այդ շարքին տագնապի, «տիփրեշըն»ի յառաջացման, քունի խանգարման եւ antipsychotic դեղերու (դեղեր, որոնք նախատեսուած են հոգեկան գործունէութեան խանգարումներու բուժման համար) օգտագործման հաւանականութիւնը։

Հետազօտութիւններու համաձայն՝ COVID-19-ով հիւանդացողներու 20 առ հարիւրը կ՛ունենայ հոգեբանական եւ նեարդաբանական տարբեր բարդութիւններ, այսպէս կոչուած, յետքովիտային համախտանիշի ծիրին մէջ։ Ամէնէն աւելի յաճախ հանդիպող հետեւանքներէն են «տիփրեշըն»ը, տագնապայնութիւնը, խուճապայնութիւնը, կաթուածները եւ նոյնիսկ ուղեղի արիւնահոսութիւնը։

Նոր հետազօտութեան ընթացքին ամերիկացի գիտնականները գնահատած են հոգեկան առողջութեան վրայ քորոնա ժահրային վարակի հետեւանքները՝ տագնապայնութիւնը, «տիփրեսիվ» վիճակը, «սթրես»ային խանգարումները՝ կապուած  antipsychotic նիւթերու օգտագործման հետ, «նիւրօքոկնիթիվ» գործառոյթներու նուազումը եւ քունի խանգարումը։

Պարզուած է, որ COVID-19-էն ետք մարդոց մօտ մէկ տարուան ընթացքին հոգեկան խանգարման վտանգը աւելի եղած է 60 առ հարիւրով՝ այն մարդոց հետ բաղդատելով, որոնք քորոնա ժահրով չեն հիւանդացած։

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ