Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Սրտի Քանի՞ Զարկը Մէկ Վայրկեանի Մէջ Կրնայ Վտանգաւոր Ըլլալ Կեանքի Համար

Մէկ վայրկեանի մէջ 100 զարկը գերազանցող զարկերակը, յուզումի բացակայութեան պարագային, կրնայ լուրջ վտանգ ներկայացնել, կը հաստատէ մասնագէտ Միխայիլ Քոպրիանով:

Եթէ յաճախասրտութիւն ունիք, փափաքելի է բժշկական քննութիւն կատարել պատճառները գիտնալու համար։ Մասնագէտին խօսքով՝ նման խնդիրներու պարագային կը կատարեն ելեկտրասրտագրում (electrocardiography): Պէտք է կատարուի նաեւ միօրեայ «մոնիթըրինկ» Հոլթերի համաձայն եւ խորհրդակցութիւն սրտաբանի հետ՝ քննութեան արդիւնքները քննելու համար, կը տեղեկացնէ «Փրայմը»:

Եթէ յաճախասրտութեան ժամանակ  հիւանդը ուշաթափ կ՛ըլլայ կամ անոր մօտ կը նկատուի ուշաթափութեան մօտ վիճակ մը, անոր կը յանձնարարուի հիւանդանոց փոխադրուիլ։ Մարդու աչքերուն առջեւ կրնայ մթագնիլ եւ ան կրնայ զգալ թուլութիւն, գլխապտոյտ, ինչպէս նաեւ ունենալ պաղ քրտինք։

Սրտաբան Եուրի Քոնեւ նշած է, որ եթէ հանգիստ վիճակի մէջ զարկերակը մէկ վայրկեանի մէջ կը գերազանցէ 90 հարուածը՝ չպակսելով աւելի քան 30-60 վայրկեանի մէջ, ապա այդ կրնայ մատնանշել սրտի խնդիրներու մասին։

Յաճախասրտութեան պատճառները յաճախ կախեալ են մարդու տարիքէն. երիտասարդ տարիքին անիկա սովորաբար կապուած է նեարդային համակարգին հետ, իսկ տարեց հասակին՝ սրտի գործունէութեան խախտումներու։

Բնական կը նկատուի այն վիճակը, երբ սրտի աւելի քան 90 զարկը մէկ վայրկեանի մէջ յառաջ կու գայ ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութիւններու ժամանակ եւ կը նուազի հանգստանալով։ Եթէ հանգիստի վիճակին մէջ զարկերակը կը շարունակուի բարձր մնալ, մեծ է յաճախասրտութեան առկայութեան հաւանականութիւնը, որու պարագային պէտք է դիմել մասնագէտի մը։

Իսկ շտապօգնութիւն կանչել կը յանձնարարուի այն ժամանակ, երբ սրտի զարկերու յաճախականութիւնը մէկ վայրկեանի մէջ կարելի չըլլար որոշել կամ կը գերազանցէ 150 հարուածը։

Afhil.com
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ