Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Աստիճաններով Բարձրանալը Արդիւնաւէտ Վարժութիւն՝ Աւելորդ Կշիռքէն Ձերբազատուելու Համար

Առողջ սննդականոնի համադրութիւնը ֆիզիքական վարժութիւններու հետ՝ աւելորդ կշիռքէն ձերբազատուելու ամէնէն լաւ միջոցն է, յայտնած է սննդաբան Մայքլ Մոսլի:

Աստիճաններով բարձրանալը մասնագէտը կը նկատէ արդիւնաւէտ միջոց՝ նիհարնալ փափաքողներու համար: «Մարզասրահին մէջ այլընտրանք կրնան ըլլալ կքանստումները եւ հրում վարժութիւնը: Ես օրական 40 հրում վարժութիւն կը կատարեմ, որպէսզի աւելորդ կշիռք չհաւաքեմ», յայտնած է Մոսլին:

Նոյնպէս օգտակար վարժութիւն է աստիճանով ելլելը՝ վերելակ օգտագործելու փոխարէն:

«Դուք երեք անգամ աւելի «քալորի» կը կորսնցնէք աստիճանով բարձրանալու պարագային, քան՝ նոյն տարածութիւնը քալելու միջոցով կատարելով»,- ըսած է մասնագէտը: Ան ընդգծած է, որ օրուան ընթացքին կարելի է քանի մը կարճ մարզանքներ ընել՝ փոխանակ զանոնք համախմբելու մէկ ամբողջական մարզանքի մէջ: Այդպիսի թեթեւ ծանրաբեռնուածութիւնը կ՛օգնէ ոչ միայն նիհարնալու, այլ՝ բարելաւելու շաքարի մակարդակը արեան մէջ:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ