Քալիֆորնիոյ արհեստագիտական հիմնարկի գիտնականները գտած են ուլթրաձայնի միջոցով «պաքթիրիա»ները վերահսկելու եւ քաղցկեղի բջիջները փնտռելու եւ ոչնչացնելու միջոց: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Nature Communications ամսագրին մէջ։
Escherichia coli (E. coli) «պաքթիրիա»ներու մշակուած տարբերակը կրնայ հիւանդին օրկանիզմը ներթափանցելով յայտնաբերել եւ մտնել քաղցկեղի բջիջներուն մէջ: Երբ «պաքթիրիա»ները կը հասնին քաղցկեղային ուռուցքներուն, ատոնք կ՛ենթարկուին ուլթրաձայնային «իմփալս»ներու՝ աքթիվ դեղերու թողարկումը աշխուժացնելու համար:
Փորձերու ընթացքին հետազօտողները պարզած են, որ մուկերը ենթարկուած են «պաքթիրիա»ներու այս տարբերակի ազդեցութեան, եւ ուլթրաձայնը ցոյց տուած է ուռուցքի շատ աւելի դանդաղ աճ, քան այն մուկերու պարագային, որոնց բուժումը կատարուած է միայն ուլթրաձայնով կամ միայն «պաքթիրիա»ներով։
Այնուամենայնիւ, մասնագէտները ստացուած արդիւնքները բաւական խոստմնալից կը նկատեն, որովհետեւ ատոնք ցոյց կու տան հետագայ աշխատանքի ուղղութիւնը։
Afhil.com