Այսու կու գանք տեղեկացնելու, որ ՀՀ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ ընթացիկ տարւոյ մէջ կ’իրագործուի «Սփիւռքի Երիտասարդ դեսպան» ծրագիրը, որը նպատակ ունի Սփիւռքին մէջ ապրող 22-35 տարեկան հայ երիտասարդները ներգրաւել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ։
Ընդառաջ պատական գերատեսչութեան խնդրանքին՝ Վեհափառ Հայրապետի թելադրութիւնն է, որ Արեւմտեան Թեմէն ներս հրապարակուի «Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան» ծրագրի մասին՝ օգտագործելով հետեւեալ յղումը՝ http://diaspora.gov.am/hy/programs/19/Diaspora-Youth-Ambassador։
Արեւմտեան Թեմը իր զօրակցութիւնը կը ցուցաբերէ ՀՀ Կառավարութեան Սփիւռքի գրասենեակի կողմէ կեանքի կոչուած ծրագրերուն։