Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի Տօնին՝ Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ձեռնադրութիւն Եւ Հայրապետական Մաղթանք

«Սբ. Էջմիածինը խորհուրդն է մեր գոյութեան:

Խոնարհուինք Սբ. Էջմիածնի խորհուրդին առջեւ,

որպէսզի Աստուած բարձրացնէ մեզ

եւ առաջնորդէ մեր ազգը դէպի յաւերժութիւն»։

Յովնան Արքեպիսկոպոս

Կիրակի, 19 Յունիս, 2022-ի առաւօտեան, Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին՝ Պըրպէնքի Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ` նախագահութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Ս․ Արք. Տէրտէրեանի: Օրուան պատարագիչն էր Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ` Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան:

Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ  Պատարագի՝ ձեռամբ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ խարտաւիլակութեամբ՝ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանի տեղի ունեցաւ հինգ ընծայեալներու` երկու դպիրներու, մէկ ուրարակրի եւ երկու սարկաւագներու ձեռնադրութիւնները, ներկայութեամբ՝ անոնց հարազատներու  եւ հաւատացելոց հոծ  բազմութեան:  Աստուածային օրհնութեամբ եւ շնորհներով լցուած ձեռնադրութեանց ընթացքին` աղօթքներով, սաղմոսներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ դպրութեան չորս խոնարհ աստիճաններ  շնորհուեցան եկեղեցւոյ մէջ սպասաւորող՝ Զարեհ Միրզայեանին եւ Յարութ Սուլթանեանին, իսկ Ռաֆայէլ դպիր Պետրոսեանին շնորհուեց ուրար կրելու իրաւունք։  

Այնուհետեւ սարկաւագական ձեռնադրութեան ընծայեալներ՝ Էնտրյու ԿիսաՍրկ․ Ղարիպեան եւ Գեւորգ ԿիսաՍրկ․ Չինգեզեան՝ Հոգշ․ Տ․ Տաճատ Ծ․ Վրդ․ Եարտըմեանի առաջնորդութեամբ ծնրադիր Սուրբ խորան բարձրացան` ուր անոնց անբիծ կեանքին մասին վկայութիւններ տրուելէ ետք, «Աստուածային եւ Երկնային» հոգեզմայլ շարականի երգեցողութեան ներքոյ` անոնք հրապարակաւ ուխտեցին նուիրուել եւ ծառայել Հայաստանեայց եկեղեցուն եւ անոր Սուրբ Սեղանի սպասաւորութեանը: Ապա Սրբազան Հայրը ձեռնադրեալներու ուսերու վրայ զետեղեց Քրիստոսի լուծը խորհրդանշող ուրարները եւ հոգեշունչ աղօթքներով անոնց տուաւ Սուրբ  Աւետարան ընթերցելու, սկիհի վերաբերում կատարելու ու բուրվառով Աստուծոյ տան մէջ խունկի անոյշ բոյրը խնկարկելու իշխանութիւնը:

Ձեռնադրութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորելով` իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած` խնդրելով, որպէսզի Երկնաւոր  Տէրը Սուրբ Հոգիով հարստացնէ նորոգ ձեռնադրեալները, անոնց աչքերը բանայ հոգեւոր իմաստութեանց դիմաց, եւ Իր առատ շնորհները առատացնի անոնց վրայ, որպէսզի կարողանան առանց երկմտանքի յարատեւել աստուածային այս նուիրեալ ծառայութեան մէջ։

Սրբազան Հայրը իր խօսքին ընդմէջէն անդրադարձաւ նաեւ դպիրի, սարկաւագի եւ ընդհանրապէս եկեղեցւոյ սպասաւորի նուիրական կերպարին եւ Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ անոր ունեցած բարձր եւ մեծ դերակատարութեանը:

Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի մեծ Տօնին  խորհուրդով առ լեցուն, իր հոգեշունչ պատգամը փոխանցեց ներկաներուն, զանոնք հաղորդակից դարձնելով Սբ. Էջմիածնի սրբազնասուրբ խորհուրդին ու լուսաւորչատեսիլ այն պատկերին, որով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածային էջքով սկիզբը դրուեց Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայոց Հայրապետութեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին վերջաւորութեանը շնորհաւորեց նաեւ բոլոր հայրերը՝ հայրերու տօնի գեղեցիկ առիթով։

Հուսկ, Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ