Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Գիտնականները Կը Յայտնաբերեն Կապիկի Ծաղիկի Նոր Ախտանշաններ

The New England Journal of Medicine ամսագրին մէջ հրապարակուած են շարք մը դէպքեր, որ դարձած են 13 երկիրներու հետազօտողներու միջազգային համագործակցութեան արդիւնքը։ Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է կապիկի ծաղիկի վարակի նոր «քլինիք»ական ախտանշաններ, որ կը դիւրացնէ ախտորոշումը ապագային եւ կ՛օգնէ դանդաղեցնելու վարակի տարածումը։

Ներկայիս ժահրի տարածումը խիստ ձեւով կ՛անդրադառնայ ոչ աւանդական կողմնորոշում ունեցող տղամարդոց վրայ. վարակուածներու 98 առ հարիւրը կը պատկանի այդ խումբին։ Հետազօտողները ընդգծած են, որ ժահրը կրնայ փոխանցուիլ որեւէ սերտ ֆիզիքական շփումի ժամանակ՝ մեծ կաթիլներու, ինչպէս նաեւ՝ հագուստի եւ այլ մակերեսներու միջոցով։

Վարակուած մարդոցմէ շատեր ունեցած են ախտանշաններ, որ չեն ընդունուիր կապիկի ծաղիկի ժամանակակից բժշկական սահմանումներում։ Այդ ախտանշանները կը ներառեն սեռական օրկաններու եզակի ախտահարումները եւ բերանի խոռոչի կամ յետանցքի խոցը։ «Քլինիք»ական ախտանշանները նման են  այն վարակներու ախտանշաններուն, որ կը փոխանցուին սեռական ճամբով եւ կրնան դիւրութեամբ յանգեցնել սխալ ախտորոշման։

Հետազօտողները նաեւ յայտնաբերած են, որ իւրաքանչիւր 10-րդ մարդ սեռական օրկաններու մաշկի ախտահարում ունեցած է, իսկ 15 առ հարիւրի մօտ եղած են ցաւեր «էյնըլ» ճեղքին մէջ եւ/կամ ճիշդ աղիքին մէջ։ Այս տարբեր դրսեւորումները կ՛ընդգծեն, որ կապիկի ծաղիկի վարակը կարելի է դիւրութեամբ շփոթել սովորական վարակներու հետ, որ կը փոխանցուին սեռային ճամբով, ինչպէս՝ «սիֆիլիս»ը կամ «հըրփըս»ը։

Գիտնականները կապիկի ծաղիկի ժահր յայտնաբերած են նաեւ սերմնահեղուկի նմուշներու մեծ մասին մէջ, որ վերցուած են այն մարդոցմէ, որոնք հիւանդացած են ծաղիկով։ Բայց այդ մէկը կրնայ պատահական ըլլալ, որովհետեւ յայտնի չէ, թէ արդե՞օք անիկա բաւական բարձր մակարդակով առկայ է, որպէսզի նպաստէ սեռական ճամբով փոխանցման, նշած են հետազօտութեան հեղինակները։

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ