Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

«Լասսա» Տենդով Վարակումը Կանգնեցնելու Բանալին. Գիտնականներ

«Լասսա» տենդը կամ բարձր տաքութիւնը ժահրային հիւանդութիւն է, որ յաճախ կը պատահի Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ։ Ծանր պարագաներուն, ատկէ մահացութիւնը կը հասնի 15 առ հարիւրի, յղի կիներու մօտ՝ 90 առ հարիւրի, ողջ մնացած մարդոց քառորդին մօտ անիկա կը յառաջացնէ խլութիւն, իսկ պատուաստներ կամ հակաժահրային դեղեր «Լասսա» վիրուսի դէմ պարզապէս գոյութիւն չունին։

Նոր հետազօտութեան մէջ, որ հրապարակուած է Proceedings of the National Academy of Sciences ամսագրին մէջ, «Լա Ճոլա իմիւնաբանութեան» հիմնարկի եւ Scripps Research հետազօտական կեդրոնի գիտնականները ցոյց տուած են, թէ ինչպէս «քրիթիք»ականօրէն կարեւոր է «Լասսա» տենդի սպիտակուցը, որ կը կոչուի «փոլիմերազա», կը կառավարէ վարակը՝ օգտագործելով բջիջային սպիտակուցը մարդու օրկանիզմին մէջ։

Տէր հանդիսացող բջիջի 42 սպիտակուցներէն, որ կը փոխգործակցին «Լասսա փոլիմերազա»ի հետ, գիտնականները կեդրոնացած են մէկ թիրախի վրայ, որ յարմար է բուժման համար՝ GSPT1։ Հետազօտողները պարզած են, որ GSPT1-ը կապուած է «Լասսա» ժահրի «փոլիմերազա»ի հետ եւ կրնայ նպաստել «Լասսա» ժահրով վարակուելուն։

Հետազօտութեան ընթացքին, գիտնականները յայտնաբերած են դեղի թեկնածու՝ CC-90009 անունով, որ, ինչպէս ցոյց տրուած է, կը քայքայէ GSPT1 սպիտակուցը եւ ներկայիս «քլինիք»ական փորձարկումներ կը կատարուի որպէս քաղցկեղի դէմ «թերափի»։

Հետազօտողները նշած են, որ հաւանական է, որ այդ դեղը կրնայ օգտագործուիլ նաեւ որպէս երկակի «թերափի» այն հիւանդներուն համար, որոնք վարակուած են «Էպոլա» տենդով։

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ