Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Սրտագին Կոչ Հայ Դպրոցի Ուսուցիչներուն

Հայ դպրոցը մեր կեանքի մէջ, յատկապէս մեր մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներուն, հաւասարապէս եղած է մեր երկրորդ տունը, ուր մեր շրթներուն վրայ արտասանած ենք Մեսրոպաշունչ հայոց լեզուն եւ նոյն յարկի տակ սնուցած ենք մեր միտքը, հոգին ու սիրտը հաւատքի գիտակցութեամբ, հայրենական սիրով, հայոց պատմութեան փառապանծ պատկերներով եւ նոյն սրբավայրի մէջ ապրած նաեւ տեսիլքը՝ հայ քրիստոնեայ ընտանիքին։

Որպէս նուիրեալ ուսուցիչներ ու դաստիարակներ, Ձեզի կը վստահուի հայ մանուկին հայեցի դաստիարակութիւնը։ Հետեւաբար Դուք Աստուծմէ կոչում էք ստացած՝ ստանձնելու նուիրական այս պարտականութիւնը՝ պատրաստելու համար նոր սերունդը մեր նախնեաց հաւատքով ու հայրենական շունչով։

Այսօրուան հաւաքը նախաքայլ մըն է միայն վերամուտին ընդառաջ պատրաստուելու համար, որ հոգեւոր հովիւներու եւ տնօրէններու հետ համատեղ պարբերական հանդիպումներով առաւել կազմակերպուիք եւ հայ դպրոցը դարձնէք բոլոր առումներով դարբնոցը հայ մանուկին հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութեան։

Հայերէնը վտանգուած է այսօր սփիւռքի մէջ, եւ պէտք է ահազանգենք, որ ամենուրէք լուրջ եւ հետեւողական աշխատանք տարուի՝ պահպանելու համար հայոց լեզուն։ Հայոց լեզուն որոշապէս նահանջի մէջ կը մնայ, եթէ երբեք չունենանք հայ ծնողներու զօրակցութիւնը եւ մանաւանդ Ձեր երախտիքի արժանի նուիրումը։ Կը գիտակցենք նաեւ, որ առկայ է նաեւ անխուսափելի բախումը արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի, որուն համապատասխան լուծումը պէտք է տրուի մասնագէտ լեզուաբաններու կողմէ։

Սիրելի տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, կը գիտակցինք, որ դժուարին, բայց նուիրական առաքելութեան մը բեռին տակ կը գտնուինք։ Աննկուն ու անկոտրում կամքով ու հաւատքով պիտի յաղթենք այս փորձութիւնը։ Չմոռնան երբէք, որ մեր հայրենիքի ու ս. եկեղեցւոյ զաւակունք դարերով շարունակ իրենց Աստուածատուր կեանքը արժեւորած են պայքարի ճանապարհին ու մերժած բոլոր տեսակի տկարութիւններ։

Մեր կոչն է, որ նորոգեալ հաւատքով ու առաւելեալ եռանդով հայոց լեզուն սորվեցնենք մեր մանուկներուն, անոնց հոգեւոր կեանքը զարդարելով հայրենական սիրով ու նուիրումով, եւ հաւատացէ՛ք, որ Աստուած վարձահատոյց պիտի ըլլայ Ձեզ՝ նուիրեալ ծառայութեան դիմաց։

Յովնան Արք. Տէրտէրեան

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ