Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Աննախընթաց Իրագործում Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն Ներս

Սրտի անհուն գոհունակութեամբ եւ բերկրանօք այսու կու գանք յայտնել մերազն հաւատացելոց Հայց․ Առաքելական Ս․ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի կողմէ նոր եկեղեցական համալիրի մը ձեռքբերման մասին, որ կը գտնուի հայահոծ Կլէնտէյլ քաղաքի սիրտին մէջ։

Օժտուած եկեղեցական շինութեամբ, մարզասրահով, դպրոցով, պուրակով եւ այլ յարակից շինութիւններով՝ այս համալիրը պիտի դառնայ բաբախուն սիրտը մեր համայնքի եւ հոգայ ժողովուրդի հոգեւոր, կրթական, մշակութային, մարզական, ընկերային կարիքները։

Ի շարս բազմաթիւ եկեղեցական-համայնքային կառոյցներու, հոս պիտի հաստատուի նաեւ երիտասարդական կեդրոն՝ մասնաւոր ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի արժանացնելով մեր երիտասարդ պարման-պարմանուհիները։

Կիրակնօրեայ եւ Շաբաթօրեայ դպրոցներով նպատակ ունինք զարկ տալ մեր երեխաներու հոգեւոր եւ հայեցի կրթութեան, ինչպէս նաեւ՝ հայկական ինքնութեան ամրապնդման։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի 95 ամեակի առիթվ այս ձեռքբերումը լաւագոյն նուէրն է մեր թեմին եւ ժողովուրդին, որ կու գայ վառ պահելու տեսիլքը լուսաւոր եւ հեռատես այն հիմնադիրներուն, որոնք հաստատեցին հիմերը այս սրբազան հաստատութեան Խաղաղականի ասպնջական այս ափերուն 1927ին։

Երախտապարտ ենք Աստուծոյ այս մեծ օրհնութեան համար եւ այն խոստումնալից ապագայի, որ վառ գույներով կ՚առկայծէ հորիզօնին։

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ