Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Վենթուրայի Շրջանի Հայց․ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հովուական Սահմաններու Ընդարձակում

Ինչպէս արդէն տեղեակ էք, Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Աբեան մեր կողմէ նշանակուած է որպես Վենթուրայի շրջանի Հայց․ Առաքելական Ս․ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Օգոստոս 1էն սկսեալ։

Այսու պաշտօնապէս կը յայտնենք նաեւ, որ Վենթուրայի շրջանի Հայց․ Առաքելական Ս․ Եկեղեցւոյ հովուական սահմանները կ’ընդլայնենք՝ ընդգրկելու համար Սիմի Վալի, Թաուզանտ Օքս, Գամարիօ, Սանթա Պարպարա, Սան Լուիզ Օպիսփօ, Գալապասաս եւ Ակուրա Հիլզ քաղաքնեըը՝ ի հոգածութեան նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Աբեանի։ Մեր նպատակն է թեմէն ներս առաւել կազմակերպել եւ բարեզարդել ծխական կեանքը՝ հովուական խնամք եւ հոգեւոր սնունդ հասցնելով այդ շրջաններու մէջ հաստատուած մեր սիրեցեալ հայորդիներուն:

Վստահ ենք, որ Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Աբեան իր ամբարած գիտելիքներն անմնացորդ կերպով կը ներդնէ հոգեւոր այս ընդարձակ անդաստանը մշակելու եւ ծաղկեցնելու աստուածահաճոյ եւ եկեղեցանուէր առաքելութեան մէջ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ