Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Գաղութային կեանք

* Կիրակի, Մայիս 22-ին Լոս Անճելըսի «Պեվըրլի Հիլթըն» անուանի պանդոկին մէջ 600-է աւելի հանդիսականներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ USC համալսարանի հայագիտական բաժնի 11-րդ տարեդարձը: Հարաւային Քալիֆորնիոյ աշխարհահռչակ այս համալսարանի փոխ նախագահ Մայքըլ Քուիքի ներկայ էր այդ գիշեր: Պատուական հայորդիներ արժանացան զանազան մրցանակներու՝ առ ի գնահատանք իրենց կատարած նիւթական եւ բարոյական ծառայութիւններուն եւ մեծագումար նուիրատուութիւններուն համար: Խօսքերէն եւ պաշտօնական բաժինէն ետք, գործադրուեցաւ գեղարուեստական շատ ճոխ յայտագիր մը, մասնակցութեամբ Կրեկ Հօշարեանի, Սիրանուշ Սանտալճեանի, Նորմըն Լուտվիքի եւ Ճորճ Պիլեզիքճեանի:

 

* Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ իրաւաբան Նորա Յովսէփեանի, անցնող քանի մը ամիսներու տքնաջան աշխատանքներուն շնորհիւ 10,000 նոր հայ քուէարկողներ արձանագրած է, հասցնելով հայ քուէարկողներու թիւը Լոս Անճելըսի մէջ 25,000-ի:

ԱՄՆի մէջ քաղաքացի ըլլալը բաւարար չէ քուէարկելու համար, անհրաժեշտ է, որ քաղաքացին արձանագրուի ընտրութիւն կատարելու համար: Նոյեմբեր 2016-ին, ԱՄՆի մէջ այլատեսակ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան: Կոչ կ՛ընենք մեր հայրենակիցներուն, որ դիմեն համապատասխան պետական կեդրոներ եւ առանց ծուլանալու անմիջապէս արձանագրուին քուէարկութեան, որպէսզի մեր ձայներով մեր հայրենակիցներուն օգտակար հանդիսասանք:

 

* ԱՄՆ համալսարաններուն մէջ բազմահազար հայ ուսանողներ ունինք: Ուրախ ենք յայտնելու, թէ մեր երիտասարդ ուսանողները բազմաթիւ համալսարաններու եւ քոլէճներու մէջ ազգային շատ մեծ աշխատանք կը կատարեն, եւ դաստիարակչական, հայապահպանման եւ մասնագիտականին կողքին, նոյնքան ալ Հայաստանին եւ Արցախին օժանդակութեան համար աշխատանք կը տանին: Մայիս 24-ին, UCLA Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայ ուսանողները կազմակերպած էին տարեկան համերգ մը, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացուցին Արցախի հայ զինուորներուն: Շատ ապրիք երիտասարդներ:

 

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ, ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

 

Մայիս 8-ին եւ Յունիս 19-ին գաղութիս մէջ բազմաթիւ ձեռնարկներ տեղի ունեցան, նուիրուած մեր թանկագին մայրերուն եւ հայրերուն: Ցերեկային, գիշերային, նաւային պտոյտներ, ինքնաշարժի պտոյտներ: Կը շնորհաւորենք մեր հերոսածին ծնողները: Թող հայ մայրերուն եւ հայրերուն շուքը անպակաս ըլլայ իրենց ընտանիքներուն վրայէն:

* Իրանահայերու Միութեան «Լուդովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեան» կեդրոնը, իսկապէս կը հանդիսանայ Կլէնտէյլի հայութեան բաբախուն սիրտը: Հոյակապ երգչախումբ, պատանեկան խումբերու աշխատանք, մշակութային, մարզական, ընկերային կեանք, Շաբաթօրեայ վարժարան, տարեցներու հանդիպումներ, շաբաթական ընտանեկան գիշեր, «Տեղեկատու» պաշտօնաթերթ՝ որոնց ժամացոյցի ճշդապահութեամբ կը հասնի բոլորին։ Իրապէս վեր է ամէն գնահատանքէ:

Ապրիլին միութիւնը ընտրեց իր Խնամակալ Մարմնի անդամները: Ատենապետ՝ Դոկտ. Վահան Գրէգոր, փոխ-ատենապետ՝ Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան, գանձապահ՝ Էրիկ Յովհաննէսեան, խորհրդականներ՝ իրաւաբան Ալբերթ Աբգարեան, ճարտ. Կարօ Մինաս եւ Դոկտ. Ռոբերթ Բամբան եւ գլխաւոր գործավար՝ Թոմիկ Ալեքսանեան: Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք նորընտիր Խնամակալ Մարմնի անդամները, մաղթելով իրենց նորանոր յաջողութիւններ:

* Յունիս ամիսը կը հանդիսանայ մեր ամենօրեայ եւ բազմաթիւ շաբաթօրեայ վարժարաններու ուսումնական տարեշրջանի հանդէսներու ամիս: Փառք ու պատիւ բոլոր այն միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ հոգեւոր հաստատութիւններուն, որոնք ամենօրեայ դպրոցներ կը պահեն այս ցամաքամասին վրայ: Մենք կը խոնարհինք այս վարժարաններու բոլոր ուսուցիչներուն ու մանաւանդ հայերէնի ուսուցիչներուն դիմաց, որոնք հոյակապ գործ կը տեսնեն այս բնագաւառէն ներս, անոնց նուիրելով Երուանդ Իսկանդարեանի հետեւեալ տողերը.

«Երկու խօսքով փառքդ գովել, շատ քիչ է,

Ողջ աշխարհի գանձն էլ քեզ տան, շատ քիչ է,

Լեզուների մտքի զարդն ես արդարեւ,

Մեր փառապանծ հայոց լեզուի ուսուցիչ»:

 * Հայրենի մեծանուն լուսանկարիչ Ռաֆայէլ Համբարձումեանի ծննդեան 84-րդ տարեդարձի ինչպէս նաեւ անոր ստեղծագործութեան 67-րդ ամեակին առիթով, Ապրիլ 28-ին իրանահայերու Գրականութեան եւ Արուեստից բաժնին կողմէ կազմակերպուած էր վարպետին գործերուն ցուցահանդէսը եւ հեղինակին 35-րդ գիրք ալպոմի շնորհանդէսը: Կը շնորհաւորենք մեր վարպետը այս վիթխարի գործին համար, 35 ալպոմներու հրատարակութիւններու մէջ, մօտ 12 հազարէ աւելի էջերու վրայ, հոյակապ գունաւոր նկարներ զետեղուած են այս մեծ արուեստագէտին կողմէ:

* Ատրպէյճանի տմարդի չորսօրեայ յարձակումներուն առիթով, ողջ աշխարհը անդրադարձաւ եւ աւելի սկսաւ հաւատալ, որ թուրքն ու ազերին բարոյազուրկ հաւաքականութիւններ են, եւ ոչ թէ ազգեր։ Անգամ մը եւս խաղաղ հայ բնակչութեան եւ անզէն ծերունիներուն եւ փոքրիկներուն վնաս հասցնելով: Բայց անոնք իրենց արժանի պատիժը ստանալով, իրենց որջերը փախան, իրենց ծրագիրը կատարեալ ձախողութեան մատնուելով:

Այս նիւթին շուրջ մեր գաղութին մէջ բազմաթիւ զեկուցումներ, վերլուծումներ տրուեցան, քննարկելով չորսօրեայ յարձակումներուն հետեւանքները եւ անոնց յաջորդող քայլերը:

* Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը Լոս Անճելըս ժամանելով, երկու բարեկամական սքանչելի խաղեր ունեցաւ Կուաթեմալայի եւ Էլ Սալվատորի հաւաքականներուն հետ եւ յաղթեց 7-1 եւ 4-0։ Մեր հաւաքականին ժամանումով եւ արձանագրած փայլուն յաղթանակներով, մանուկներէն մինչեւ մեծահասակները պոռթկացող հպարտութեամբ լեցուեցան: Բոլոր խաղացողները արժանացան մեծ գնահատանքի, ու մանաւանդ Հենրիկ Մխիթարեանը, որ եւրոպական երկիրներու մէջ մեծ անուն ունի: Նորանոր յաջողութիւններ մեր հայրենիքի հաւաքականին: 

 

 

 

Խաչիկ Ճանոյեան

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ