Վրաստանի մէջ այսօր ցերեկը արձանագրուած երկրաշարժը Կիւմրիի մէջ զգացուած է 4 եւ Երեւանի մէջ 3 ռիխթըր աստիճանի ուժգնութեամբ: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեան» պատասխանատուներէն՝ Հրաչեայ Պետրոսեանը:Երկրաշարժը եղած է ժամը 14:14-ին, Հայաստան- Վրաստան սահմանային գօտիի մէջ եղող Պաւրայէն 13 քմ․ դէպի հիւսիս- արեւելք: Երկրաշարժը զգացած են Հայաստանի հիւսիսը, Կիւմրի, Վանաձոր, Ստեփանաւան եւ Ալավերտի քաղաքներուն մէջ` 4-5 աստիճան, Երեւանի մէջ` 3 աստիճան ուժգնութեամբ: