Աշխարհահռչակ երաժիշտ եւ յօրնող Եաննի իր խումբի անդամներէն հայրենի ջութակահակար Սամուէլ Եէրվինեանի մասին տեսանիւթ մը հրապարակած է: Տեսաննիւթին մէջ Եաննի կը շեշտէ, որ իր Եէրվինեան իր խումբի հիմնական անդամներէն ըլլալէ բացի, նաեւ հմուտ երաժիշտ է: Եաննի պատմած է, թէ իրենց առաջին հանդիպումներու ատեն Սամուէլ բաւարար անգլերէն չէր գիտեր եւ իրենց միջեւ խօսակցութիւնը կ’ըլլար երաժշտութեամբ: Եաննի ըսած է, թէ Սամուէլ կու գայ Հայաստանէն եւ կը տիրապետէ յունական, պուլկարական եւ նոյնիսկ պարսկական երաժշտութեան եւ անոր կատարումները կը համարուին այդ ժողովուրդներու մշակոյթի ակունքներէն բխող երաժշտութեան համա: Իր կարգին Եէրվինեան (տեսնել տեսանիւթը) լսելէ ետք Եաննի ի խօսքերը կարճ կատարումներ ընելով ցոյց տուած է իր բացառիկ հմտութիւնները: Տեսանիւթի աւարտին Եէրվինեան ժպիտով մը կը «սրբագրէ» Եաննիի մէկ խօսքը շեշտելով, թէ ինք Եաննիին կ’ընկերակցի արդէն 14 եւ ոչ թէ 10 տարիէ ի վեր ինչպէս ըսած էր Եաննին: