Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Հրէաստանի զատորոշ ընտրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ

Հրէաստանի զատորոշ ընտրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ

 

Աքիվա Էլտար

 

Անցեալ Յունիս 2-ին, իսրայէլեան հեռատեսիլը երկու յատկանշական լուրեր կը հաղորդէր։ Առաջինը Գերմանիոյ խորհրդարանին ճանաչումն էր Հայոց Ցեղասպանութեան, գործադրուած օսմանցի թուրքերու կողմէ, Ա. Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին։ Վարչապետ Անժէլա Մերքէլի Քրիստոնեայ Տեմոքրաթ երեսփոխաններով առաջնորդուած, բոլոր խմբաւորումները ի նպաստ քուէարկեցին յիշեալ որոշումին (միայն մէկ քուէ դէմ էր, ու մէկ քուէ ալ՝ ձեռնպահ)։ Անքարա ետ կանչեց Պերլինի իր դեսպանը «խորհրդակցութեանց» համար։

Երկրորդ լուրը կը հաղորդէր Իսրայէլի ու Թուրքիոյ միջեւ յաջող ելքը խորհրդակցութեանց, 2010-ին Մավը Մարմարայի դէպքի ու Կազայի շրջափակումի մասին։ Այն ատենուան թուրք դեսպանը, որ Անքարա կանչուած էր, մօտ օրէն պիտի վերադառնար Թէլ Աւիվ։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեվլուտ Չավուշօղլու, իր կարգին, ամբաստանեց Գերմանիան իր «անպատասխանատու եւ անհիմն» կեցուածքին համար, ուրիշ երկրի մը պատմութեան մասին։ Ըստ անոր, Գերմանիոյ որոշումը «քօղարկելու համար էր սեւ էջերը» իր պատմութեան։ Հրէական պետութիւնը հայ ժողովուրդին պատահած դժբախտութիւնը կը նախընտրէր պաշտօնապէս որակել «ողբերգութիւն», այո, ոչ յանձնառու եզրէ։ Աւելին, Իսրայէլ Ամերիկայի հրէական համայնքը զօրաշարժի ենթարկեց, վիժեցնելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Մ. Նահանգներուն կողմէ։

Հոկտեմբեր 2007-ին, Anti-Defamation League-ը, Ամերիկայի մէջ հրէական ամէնէն երեւելի այս կազմակերպութեան դիրքորոշումը, փոփոխութիւն կրելով այս հարցին մէջ, յայտարարեց թէ 1.5 միլիոն հայերու համատարած ջարդը ցեղասպանութիւն էր։ Ռեճէփ Թայյիպ Էրտողան, այն ատենուան Թուրքիոյ վարչապետը, հեռաձայնեց Հրէաստանի նախագահ Շիմոն Փերէսին, որպէսզի միջամտէ։ Փերէսի միջամտութեան իբրեւ հետեւանք, հրէական վերոյիշեալ կազմակերպութիւնը բարեփոխեց սկզբնական իր յայտարարութիւնը, աւելի անորոշ եզրեր գործածելով։ Յուլիս 2015-ին, Քնեսէթի կրթական, մշակութային ու մարզական յանձնախումբի մէկ ժողովին, գումարուած Հայոց Ցեղասպանութեան hարիւրամեակին առիթով, խորհրդարանի Շաս կուսակցութեան անդամ Եաքով Մարկի յայտնեց, թէ «պարտաւորութիւն կ՛իյնայ հրեայ ժողովուրդին, որպէսզի ոգեկոչէ հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրուած ոճիրը, որպէսզի դաստիարակենք գալիք սերունդները, հասկնանք պատմութեան զարգացումը, եւ որպէսզի կանխարգիլուի նոր ցեղասպանութիւն մը»։ Անիկա կոչ ուղղեց խորհրդարանին ու միայնգամայն կառավարութեան, որպէսզի առնեն պատմական որոշում մը, ու ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը քայլ պահեն հրէական արժէքներուն հետ։

Քնեսէթի պատգամաբեր Եուլի Էտելսթին, Լիքուտ կուսակցութենէն, խոստացաւ «ճիգ թափել հարցը արծարծելու, անկեղծօրէն յուսալով որ Քնեսէթի երեսփոխանները գիտակցաբար պիտի քուէարկեն»։ Կը թուի թէ իրականութեան այդ պահը տակաւին չէ եկած, եւ թէ հաւանական է որ գայ մօտակայ ժամանակի մը։ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը, որ կը մասնակցէր Քնեսէթի վերոյիշեալ քննարկումին, ի մէջ այլոց ըսած է. «որդեգրելիք եզրաբանութիւնը (terminology) քաղաքական է, եւ հետեւաբար մեր հետեւելիք ընթացքը կը շեղի այդ հարցին նկատմամբ»։

Այո՛, ամէն ինչ քաղաքականութեան կապուած է. Իսրայէլի բնական կազի օգտագործումը լաւագոյն օրինակ կը ծառայէ։ 15 Դեկտեմբեր 2015-ին, Քնեսէթի մէջ Տնտեսական Հարցերու Կոմիտէին կողմէ այս հարցի քննարկման ատեն, վարչապետ Նաթանիահու ըսած է, թէ թրքական շուկան նուաճելու համար, պիտի չտատամսէր, որ Էրտողան առնչուէր արաբ-Իսրայէլ խաղաղութեան ընթացքին – Թուրքիա յայտնած էր, թէ փոխյարաբերութեանց վերականգնումը պայմանաւորուած է Կազայի պաշարումի վերացմամբ։ Այս ձեւով, Թուրքիա նեղի մատնած կ՛ըլլար – իբրեւ պաշտպան Կազայի – Եգիպտոսի Ապտըլ Ֆաթթահ Էլ-Սիսին, որ Թուրքիոյ մոլեգին մրցակիցն է։

Անքարայի հետ հաշտութեան անուղղակի շահը Հրէաստանի համար ա՛յն է, թէ Կազայի բնակչութեան հանդէպ գործադրուած սեղմումները այլեւս իբրեւ պատրուակ պիտի չօգտագործուին Թուրքիոյ կողմէ։ Արդէն Իսրայէլ չի բանակցիր Համասի հետ, ուր մնաց որ իրաւախոհութեան նստի։

Այս բոլորէն ետք, իսրայէլեան բնական կազը տակաւին հաւանական չէ որ Թուրքիա փոխանցուի։ Ռուսաստան կորովի կերպով դէմ է որ այդ կազը Թուրքիոյ վրայով ալ դէպի Եւրոպա հոսի։ Նաթանիահու, ներկայիս, Փութինի նպաստաւոր կեցուածքը կամ շնորհը կը հայցէ այլազան հարցերու շուրջ։ Կիպրոսի իշխանութիւնները մերժած են հրէական ծրագիրը, ծովային խողովակաշար մը հաստատելու Իսրայէլի Լեվիաթանի Կազային հանքահորէն, օգտագործելով 301 մղոն խորութեամբ Կիպրական ծովախորշին տարածութիւնը։

Իսրայէլ շահեր ունի նաեւ Հայաստանի թշնամի իսլամ Ատրպէյճանի մէջ։ Այս վերջինը կը հայթայթէ 40 առ հարիւրը Հրէաստանի քարիւղի կարիքին, փոխարէնը գնելով զինուորական այլազան սարքեր։ Համակրական կեցուածք մը հայերուն հանդէպ պիտի զայրացնէր ազերիները, որոնք ծանր մարտեր մղեցին Արցախի սահմաններու երկայնքին, անցեալ Ապրիլ 2-էն 6։ Արդարեւ, կարելի է ըսել, թէ բնական է պետութիւններու համար շարժիլ իրենց հիմնական շահերուն համաձայն, եւ ոչ թէ առաջնորդուիլ բարոյական նկատումներէ, ինչպէս՝ նոյնանալ այլ երկրի մը ողբերգութեան հետ։ Օրինակի համար, ինչո՞ւ Նաթանիահու պիտի գանգատի, որ մեծ պետութիւնները իրենց շահերէն մղուած, զօրավիգ կեցան հիւլէական համաձայնագրի մը կնքումին Իրանի հետ, չանսալով անոր զգուշացումին՝ «երկրորդ հոլոքոսթ»ի մը կարելիութեան։

Կեդրոնացում մը Թուրքիոյ կողմէ 1915-16-ին հայերու վրայ գործադրուած գազանութեանց վրայ, կը շեղի ուշադրութենէ 2015-16-ին։ Մինչ Թուրքիա Իսրայէլէն կը պահանջէ հատուցանել ընտանիքները, որոնց հարազատները սպաննուեցան դէպի Կազա ուղղուող թրքական «Մավը Մարմարա» նաւուն վրայ, անիկա կանխամտածութեամբ կը ռմբակոծէ քիւրտ բնակչութիւններ երկրին հարաւ արեւելքը։ Նոյն երկիրը, որ այնքան մտահոգ է Կազայի շրջափակումով, ամիսներէ իվեր կ՛արգիլէ, որ ուտելիք ու դեղորայք հասնի քրտական քաղաքներ։ Թրքական կառավարութիւնը չարտօնեց որ իր երկրին ու միջազգային մամուլը այցելէ գետնին հաւասարած քաղաքները. «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը այդ մարդկային ճգնաժամը կոչած է Թուրքիոյ «գաղտնի պատերազմը» քիւրտերուն դէմ։

Թրքական կատաղի առարկութիւնները անտեսելով, Գերմանիոյ կողմէ ճանաչումը Հայոց Ցեղասպանութեան, հակառակ Պերլինի հասարակաց շահերուն Անքարայի հետ, կ՛արդարացնէ պետութեան մը երկարժենիշտ (double standard) Հոլոքոսթը ուրացողներուն հանդէպ։ Իսրայէլի դարպասումը Թուրքիոյ բռնատէր առաջնորդին, անգիտանալով քիւրտերու դառն ճակատագիրը, ուժգին պատկերացումը կը ցոլացնէ վերոյիշեալ իրողութեան։

 

Թարգմ.՝ Սարգիս Յ. Մինասեան

«Էլ-Մոնիթըր», 7 Յունիս 2016

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ