Մինչ լրատուական ծառայութիւններ կը հաղորդեն, թէ Միւնիխի մէջ երկրորդ ահաբեկչական գործողութիւն մը կատարուած է Պաւարիոյ շրջանի ներքին գործոց նախարար Եոախիմ Հան յայտնեց, որ Միւնիխի «Օլիմբիա» առեւտրական կեդրոնին մէջ ահաբեկչական յարձակում կատարած երեք զինեալները յաջողած են խոյս տալ կեդրոնէն: Կը նշուի նաեւ, որ եղած յարձակումին հետեւանքով զոհուած են անձեր: Շրջանի ոստիկանութիւնը տարածուելէ ետք քաղաքի բոլոր կարեւոր հատուածներուն մէջ բնակիչներէն պահանջած է մնալ իրենց տուները եւ տեղափոխուիլ միայն անհրաժեշտութեան պարագային: Ըստ կայանին ոստիկանութիւնը ուղղաթիռներ գործի դրած է գտնելու համար զինեալներու գտնուած վայրը:Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ զինեալները կը պատրաստուէին շատ աւելի մեծ գործողութիւն մը իրականացնել, բայց իրենց անյայտ պատճառներով վերջին պահուն ծրագիրը փոխուած է: