Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Լրագրողներու աշխատանքը խոչընդոտելու յանցանքով չորս ոստիկանի դէմ մեղադրանք

3 Յունիս, 2015-ին Երեւանի Բաղրամեան պողոտայի վրայ, Ազատութեան հրապարակի եւ  յարակից տարածքներու մէջ ոստիկանութեան ծառայողներու կողմէ իրենց պաշտօնական լիազօրութիւնները անցնելու, պաշտօնական դիրքը օգտագործելով` լրագրողի մասնագիտական օրինական գործունէութիւնը խոչընդոտելու, ուրիշի գոյքը դիտաւորութեամբ ոչնչացնելու կամ վնասելու վերաբերեալ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան մէջ իրականացուած նախաքննութեան ընթացքին մեղադրանք առաջադրուած է ոստիկանութեան չորս աշխատակիցներու: Այս մասին կը տեղեկացնէ յատուկ քննչական ծառայութիւնը: Յիշեցնենք, որ ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան յատկապէս կարեւոր գործերու քննիչը դատախազի հաստատմամբ որոշում կայացուցած էր՝ ոստիկանութեան յիշեալ ծառայողներու պաշտօնավարութիւնը ժամանակաւորապէս դադարեցնելու մասին:

Քրէական գործի նախաքննութիւնը տակաւին կը շարունակուի:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ