Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Մոսկուայի մէկ դրամատան վրայ յարձակում գործողը հայ մըն էր՝ Արամ Պետրոսեանն անունով

Սնանկացած գործարար Արամ Պետրոսեանը, որ չորեքշաբթի օր պատանդներ վերցուցած էր Մոսկուայի կեդրոնը գտնուող դրամատան մէջ, առաջին ցուցմունքները տուած է քննիչներուն: Հարցաքննութեան ան յայտարարած է, որ չէր մտադրած մարդոց սպաննել։ Այդ մասին  Ռիա Նովոսթի գործակալութեան յայտնած է ՌԴ Քննչական կոմիտէի մայրաքաղաքի բաժնի ղեկավարի աւագ օգնական Եուլիա Իւանովան:

«Անոր խօսքով՝ ան  միայն կ’ուզէր ուշադրութիւն հրաւիրել իր խնդրին»,- ըսած է Իւանովան:

Քննչական կոմիտէէն նշած են նաեւ, որ քննիչները մտադիր են հասնիլ կասկածեալին կալանաւորելու որոշման:

Պետրոսեան սպառնացած է պայթեցնել «Սիթիպանք»-ի մասնաճիւղը: Ոստիկանութեան հետ բանակցութիւններու ընթացքին ան  ազատ արձակած է բոլոր պատանդները , եւ այնուհետեւ՝ յանձնուած:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ