Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռիչըրտ Յարթունեան նշանակուած է ԱՄՆ-ի գլխաւոր դատախազի խորհրդատուական կոմիտէի նախագահ

Նիւ Եորքի հիւսիսային շրջանի դաշնային դատախազ Ռիչըրտ Յարթունեան Օգոստոս 22-ին նշանակուած է ԱՄՆ-ի գլխաւոր դատախազ – արդարադատութեան բաժանմունքի ղեկավար Լորէթա Լինչի քաղաքականութեան հարցերով խորհրդատուական յանձնաժողովի նախագահ։

55-ամեայ Յարթունեան 1983-ին աւարտած է Ճորճթաունի համալսարանը, իսկ 1986-ին Օլպանիի իրաւաբանական դպրոցը. յանձնաժողովի փոխնախագահ դարձած էր 2015 թուականի Յունուարին։

Ներկայիս ան կը ղեկավարէ յանձնաժողովը, որուն խնդիրն է մշակել ԱՄՆ-ի արդարադատութեան բաժանմունքի քաղաքականութիւնը եւ ամրապնդել համագործակցութիւնը նահանգներու գլխաւոր դատախազներու հետ։

Նշենք, որ ներկայի գլխաւոր դատախազ Լորէթա Լինչը անցեալին գլխաւորած էր այս նոյն կոմիտէն։

2009-ին Յարթունեան նախագահ Օպամայի կողմէ նշանակուած էր Նիւ Եորքի դատախազ։ Ան ԱՄՆ-ի հայկական իրաւաբաններու ընկերակցութեան անդամ է եւ գործօն անդամ հայ համայնքի կեանքէն ներս։

«Նոր Օր» կը շնորհաւորէ դատախազ Ռիչըրտ Յարթունեանը, մաղթելով անոր աշխատանքային բեղմնաւոր տարիներ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ