Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանի Քրիսթըն Ս. Սարեան մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի պաշտօնական բացում

Հինգշաբթի, 18 Օգոստոս երեկոյեան պատմական եւ տօնական օր մըն էր Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանին համար, տօնախմբելու Սարեան մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի պաշտօնական բացումը, դպրոցիս շրջափակին մէջ, որու գլխաւոր բարերարն է Տոքթ. Մայքըլ Սարեան։

Բացման խօսքը կատարեց դպրոցիս հոգաբարձութեան անդամ Տիկ. Կրասիա Ինճեան։ Ան բարիգալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց օրուան հանդիսավար Պրն. Կրէկ Մարթայեանը, որպէսզի վարէ օրուան յայտագիրը։

Կրէկ Մարթայեան ներկայացուց օրուան պատուական հիւրերը, որուն յաջորդեց ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու շքախումբը, որոնք կատարեցին դրօշակի արարողութիւնը։

Բեմահարթակ հրաւիրուեցաւ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւս. Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչը՝ Բագրատ Ծ. Վրդ. Պէրճէքեան։ Ան բախտաւոր օր համարեց այս օրը եւ շնորհաւորեց Տոքթ. Սարեանը իր կատարած ազգանուէր նուիրատուութեան համար։

Ապա հրաւիրուեցան Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետներ Զարեհ Սինանեան եւ Արա Նաճարեան, որոնք գոհունակ հոգուով փոքրիկներուն ուղղեցին իրենց սրտի խօսքերը, որոնք պիտի վայելեն այս մանկամսուրի բարիքները եւ ապագային պիտի ըլլան նշանաւոր դէմքեր։

Յուշագիրներ յանձնուեցան Տոքթ. Սարեանին՝ քոնկրէսմէն Պրն. Շըրմընի գրասենեակէն, նաեւ ամերիկեան դրօշակ մը յանձնուեցաւ, որպէսզի այս մատղաշ սերունդը հայրենիքի մասին սորվելու կողքին, սորվին նաեւ Ամերիկայի մասին։

Աննա Իսկիկեան ներկայացուց քոնկրէսական Ճուտի Չուն, որ գնահատագիր մը յանձնեց Տոքթ. Սարեանին։

Պայծառ Մինասեան վկայագիրներ յանձնեց Տոքթ. Սարեանին, Քեւին Դէ Լէոնի կողմէ, առ ի երախտագիտութիւն անոր նիւթական ծառայութեան։

Յատուկ գնահատական եւ օրհնաբեր մաղթանքներ կարդացուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, այս ուրախ առիթին համար, արժեւորելով հայ դպրոցը եւ եկեղեցին։ Ան գնահատած էր Տոքթ. Սարեանի նիւթական ներդրումը, որ մեծ հաւատքով կը մօտենայ հայ դպրոցի կարեւորութեան դէպի նոր մարտահրաւէրներու իրականացում։

Դպրոցիս տնօրէնուհի Տիկ. Թաշչեան-Ուիլիըմզ իր կարգին յայտնեց երախտագիտական իր զգացումները այս բարենպաստ նուիրատուութեան համար, որ պիտի առաջնորդէ նոր եւ օգտակար ծրագիրներու։

Ոստիկան Սանչէզ իր կարգին շնորհաւորեց այս հանդիպումը եւ մաղթեց բարեբեր օրեր։

Մանկամսուրի պատասխանատու՝ Տիկ. Մ. Պօյաճեան յանուն դպրոցին շնորհակալական իր խօսքը ուղղեց Տոքթ. Սարեանին, իր առատաձեռն նուիրատուութեան համար, որ մեծ կարեւորութիւն ունի այս ազգային հաստատութիւնը կանգուն պահելու, որպէսզի կարենանք ամուր հիմերու վրայ պահել մեր գոյութիւնն ու ինքնութիւնը, ունենանք ապագայի առաջնորդներ եւ օրինակելի հայեր։

Հոգաբարձութեան կազմի ատենապետ՝ Կ. Ճրճռեան, որ տարիներէ ի վեր կը ծառայէ Սահակ-Մեսրոպ վարժարանին, յայտնեց իր գոհունակութիւնը, որ Տոքթ. Սարեան իր իշխանական նուիրատուութեամբ վերածնունդ տուաւ մեր մանկամսուրին եւ մանկապարտէզին եւ գնահատական յուշատախտակ մը յանձնեց իրեն։ Ան յիշեց նաեւ Տիկ. Ս. Աստուրեանի ներդրումը, որուն աջակցութեամբ այս նիւթական իրականացումը յաջողեցաւ։

Տոքթ. Սարեան յայտնեց իր գոհունակութիւնը, որ իր դուստրը՝ Քրիսթըն կը յաճախէ այս դպրոցը եւ հպարտ կը զգայ, որ հայերէն կը սորվի այս գողտրիկ հաստատութեան մէջ։

Տոքթ. Սարեանի դուստրը՝ Քրիսթըն հայերէն արտասանեց գրաւելով ներկաներուն ուշադրութիւնը, արժանանալով ջերմ ծափահարութեան։

Յատուկ շնորհակալական խօսքեր ուղղուեցան բոլոր հիւրերուն, բարերարներուն, կազմակերպութիւններուն, կրթական մշակներուն, Ֆերահեան եւ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարաններու տնօրէններուն, ՌԱԿ, ՀՅԴ եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչներուն, Կլենտէյլի քաղաքապետարանի խօսնակ Արտի Քասախեանին, Արեւմտեան թեմի Թեմական խորհուրդի նախագահ Յովսէփ Կանիմեանին, Վաչէ Թաթիկեանին եւ Արփի Գրիգորեանին, որոնք բոլորն ալ իրենց ներկայութեամբ, նուիրատուութեամբ եւ ձեռային աշխատանքով պատուեցին մեզ։

Վերջին բաժինը յատկացուած էր հոգեւոր հայրերուն։

Վեր. Յ. Մաթոսեան յայտնեց իր հպարտութիւնը, որ սփիւռքի մէջ այս օտար ափերուն ունինք հայկական վարժարաններ, ինչպէս Սահակ-Մեսրոպը, ուր կը սորվին Աստուծոյ սէրը, հայերէն լեզուն, որ դժուար առաքելութիւն մըն է, ուր պայքարելով կը փորձենք յաղթահարել դժուարութիւններ։

Ապա Վեր. Ռ. Թովմասեան շեշտեց կարելիութիւններու մասին, որոնք մեծ ջանք կը պահանջեն, բայց անկարելին կարելի կը դարձնեն։ Ան յիշեց Մեսրոպ Մաշտոցի աշխատանքը, որ մեծ դժուարութիւններէ ետք, իրականացուց իր երազը եւ յաջողեցաւ ստեղծել հայերէն գիրերը։

Տէր Պ. Քհնյ. Պալթայեանի պահպանիչով օրուան յայտագիրը հասաւ իր աւարտին։

Տոքթ. Սարեան իր երախտագիտական զգացումները յայտնեց այս ձեռնարկի իրականացման առթիւ եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց Սահակ-Մեսրոպ վարժարանին։

Տոքթ. Սարեան եւ իր դուստրը կտրեցին ժապաւէնը եւ կատարեցին կարկանդակին հատումը։ Ներկաները հիւրասիրուեցան թեթեւ աղանդերներով եւ անուշեղէններով. անոնք յագեցած այս տօնական հրճուալի օրէն վերադարձան իրենց տուները, լիցքաւորուած եւ գոհունակ ապագայի լաւ երազներով եւ նոր յոյսերով, յօգուտ մեր մատղաշ սերունդին։

Սահակ-Մեսրոպ վարժարանը պիտի շարունակէ ջամբել հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն, յարատեւ աշխատելով հասնելու լաւագոյն բարձունքներու։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ