Յունուար 14-ին, Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ, չինական Նոր Տարուան առիթով, տեղի պիտի ունենայ Կանսիւ նահանգի երգի-պարի անսամպլի «Մետաքսի ճանապարհ եւ ծաղիկների անձրեւ» խորագիրով համերգը: ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ համերգը կ’իրականացուի ՀՀ մշակոյթի ու Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւններու եւ ՀՀ-ի մէջ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան դեսպանութեան աջակցութեամբ։
Համերգը պիտի նուիրուի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին:
Կանսիւ նահանգի երգի-պարի անսամպլը հիմնադրուած է 1961 թուականին եւ կը ներկայացնէ Տունհուան քաղաքի արուեստը, սովորոյթները եւ Մետաքսի ճանապարհի առանձնայատկութիւնները: Համերգային ծրագիրին ընթացքին պիտի ներկայացուին պարային ներկայացումներ, երաժշտական, գործիքային կատարումներ: