Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

«Ընտրութիւն, փոփոխութիւն, յաղթանակ» «ԵԼՔ» դաշինքը լրջօրէն կը նախապատրաստուի Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն

 

Հայաստան յաջորդ երկու ամիսներուն պիտի ապրի նախընտրական քաղաքական եռուն մթնոլորտի մէջ։ Այս տարուան խորհրդարանական ընտրութիւնները շատ աւելի վճռորոշ եւ ազդեցիկ ըլլալու բոլոր հաւանականութիւնները ունին, որովհետեւ յետ այսու, նոր սահմանադրութեամբ, Ազգային Ժողովին դերն ու ուժը պիտի բարձրանայ։

Ընդդիմադիր նոր ուժ կարելի է համարել երեք կուսակցութիւններու միջեւ ստորագրուած «ԵԼՔ» դաշինքը, ուր համախմբուած են յարաբերաբար նոր՝ «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնները եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը։

Այս երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները անցեալ շաբաթ կը գտնուէին Լոս Անճելըս եւ կազմակերպուած էր հրապարակային զրոյց-հանդիպում մը տեղի հայ համայնքին հետ։

Ուրբաթ, Յունուար 27-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Իրանահայ Միութեան դահլիճին մէջ, աւելի քան 400 հայրենակիցներ եկած էին լսելու «ԵԼՔ» դաշինքի համահիմնադիր Արամ Զ. Սարգսեանին («Հանրապետութիւն» կուս. նախագահ), Էդմոն Մարուքեանին («Լուսաւոր Հայաստան» կուս. նախագահ) եւ Ալէն Սիմոնեանին («Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան անդամ) խօսքն ու տեսակէտները։

Նշենք, թէ հանդիպումը անցաւ բարձր մակարդակի վրայ։ Որպէս հիւրընկալ կողմ, բացման հակիրճ խօսքով ելոյթ ունեցաւ Պրն. Թոմիկ Ալեքսանեան։ Երեկոն վարեց ծանօթ լրագրող Արման Բաբաջանեան։ Ներկայ էին Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ Պրն. Զարեհ Սինանեան, բարերար Տոքթ. եւ Տիկ. Յակոբ Այնթապլեան, նախկին ազատամարտիկներ, քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ։

Հիւրերը նախ կարճ ելոյթներ ունեցան, ներկայացնելով իրենց մօտեցումները տարբեր հարցերու գծով։ «ԵԼՔ» դաշինքի երեք ուժերն ալ դեմոկրատ են, անոնք Հայաստանի ապագան կը տեսնեն «եւրոպական մոտել»ի պետութեան մէջ, հաւատալով տնտեսական ազատութեան, եւ պատրաստ են պայքարիլ իշխանութեան գալու համար, եւ ոչ թէ քաղաքական կեանքէն ներս սոսկ ընդդիմութիւն կը խաղան։ Անոնք լուրջ են իրենց ծրագիրներով, ուղղութեամբ ու նպատակասլացութեամբ։  Եթէ նախկին վարչապետ Արամ Սարգսեան աւելի ծանօթ անուն է նաեւ որպէս «սպարապետ» Վազգէն Սարգսեանի եղբայրը, Էդմոն Մարուքեան եւ Ալէն Սիմոնեան «նոր» անուններ են։ Մարուքեան ներկայիս Ազգային Ժողովի անդամ է, ընտրուած է Վանաձորէն որպէս անկախ թեկնածու։ Ան երիտասարդ իրաւաբան է, մասնագիտացած Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ կը գլխաւորէ տարի մը առաջ իր իսկ հիմնած կուսակցութիւնը։ Ալէն Մանուկեան՝ խոստմնալի այլ ուժ մըն է, որ Նիկոլ Բաշինեանի փոխարէն ինք կը ներկայացնէր իր կուսակցութիւնը. ան խմբագիրն է araratnews.am կայքին։

Անոնք կը քարոզէին արդար ընտրութիւններ, հող չզիջիլ Արցախի մէջ, տնտեսութեան զարգացման նոր ուղիներ եւ կախեալ չըլլալ միայն Ռուսիայէն։ Անդրադարձ եղաւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան հետ կապերուն, Գագիկ Ծառուկեան երեւոյթին եւ այլ ընդդիմադիր ուժերու։

***

Յաջորդ օր տեղի ունեցաւ «ԵԼՔ»ի երեք ղեկավարներուն հանդիպումը լոսանճելըսահայ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ,  Լոս Անճելըսի «Օլիմփուս» ճաշարանին մէջ, որ առիթ հանդիսացաւ աւելի մօտէն ծանօթանալու «ԵԼՔ»ի տեսակէտներուն հետ։

Եթէ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը նախկին պաշտօնատար անձերէ կազմուած ղեկավարութիւն մը ունի, «Լուսաւոր Հայաստան»ին թիրախը երիտասարդ եւ միջին խաւն է, որ կը հաւատայ իր ուժերուն եւ պատրաստ է փոփոխութիւն մտցնել երկրին ընկերային, տնտեսական թէ քաղաքական կեանքէն ներս։ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը նոյնպէս երիտասարդ եւ համարձակ ուժ է։

Յաջողութիւն կը մաղթենք «ԵԼՔ»ին, որպէսզի Հայաստանի համար ելք գտնէ դէպի աւելի ժողովրդավար եւ կայուն հանրապետութիւն։

Հ.Ս.

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ