Արեւմտեան թեմի «պաշտօնական հաստատման» 90-ամեակին առիթով, Պըրպէնքի Առաջնորդարանէն ներս տեղի պիտի ունենայ միօրեայ խորհրդաժողով մը, Երեքշաբթի, 21 Փետրուարին, նուիրուած նոր սերունդի քրիստոնէական դաստիարակութեան։ Նպատակն է նոր շարժում ստեղծել եւ նոր թափ տալ Կիրակնօրեայ դպրոցներու քրիստոնէական դաստիարակութեան բովանդակութեան։ Ժամանակացոյցին վրայ զետեղուած են շահեկան տասը նիւթեր տասը հոգեւորականներու կողմէ։
Միօրեայ խորհրդաժողովին կրնան մասնակցիլ սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ, կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ եւ հետաքրքրուող անհատներ։ Մասնակցութիւնը անվճար է՝ ժամը 9-էն 4։ Պայման է արձանագրուիլը։ Հեռ.՝ 818 558-7474։