Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ առաջարկած է բարեփոխել ՄԱԿ-ը եւ ՆԱԹՕ-ն

Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ եղաւ առաջին օտարերկրացի ղեկավարը, որ հանդիպեցաւ Սպիտակ Տան նոր բնակիչին հետ։ Մինչ այդ, Ֆելատելֆիոյ մէջ Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ հանդիպումին ընթացքին Մէյ նշած է, որ Մեծն Բրիտանիա եւ ԱՄՆ պէտք է ըլլան ուժեղ, խելացի եւ սթափ մտածող։ Ան կոչ ըրած է բարեփոխել ՄԱԿ-ը, ՆԱԹՕ-ն եւ միջազգային այլ կառոյցներ, աւելի «իրական եւ նպատակաուղղուած» դարձնելու համար։ Անոր խօսքերով, այդ կազմակերպութիւններու անդամները պէտք է դադրին իրենց յոյսը դնելէ

Միացեալ Նահանգներու վրայ։

 

 

Մեծն Բրիտանիա – Թուրքիա կապերու ամրապնդում

Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյը ԱՄՆ կատարած իր այցելութենէն ետք, անցած է Թուրքիա, ուր Շաբաթ օր տեսակցած է նախագահ Ռէճէփ Թայիպ Էրտողանի հետ։ Անքարայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին Մէյ հանդիպած է նաեւ իր գործընկեր Պինալի Եըլտըրըմի հետ։ Արծարծած են Մերձաւոր Արեւելքի կացութիւնը, Կիպրոսի խնդիրը, ինչպէս նաեւ երկկողմ տնտեսական զարգացումներ։ Որպէս պաշտպանութիւն ահաբեկչական խնդիրներէ, Բրիտանիա 100 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն մը պիտի տրամադրէ Թուրքիոյ։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ