Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Թրամփ եւ Փութին պատրաստ են կայունացնելու ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները

Միացեալ նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահները օրերս ունեցան առաջին պաշտօնական հեռաձայնային զրոյցը։ Քրեմլին կը հաղորդէ, թէ կէս ժամ տեւած զրոյցին ընթացքին երկու կողմերն ալ յայտնած են իրենց տրամադրուածութիւնը վերականգնելու եւ բարելաւելու համար երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները։

Քննարկած են միջազգային արդի խնդիրներ, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, արաբա-իսրայէլեան հակամարտութիւնը, Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ ստեղծուած վիճակը եւ Քորէական թերակղզին։ Խօսք եղած է նաեւ Ուքրանիոյ վիճակին մասին։

Երկու երկիրները դրական արտայայտուած են «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարը համակարգելու հարցին գծով։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ