Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը զբաղուած է անօգուտ մտավարժանքներով, նշած է ՀՀԿ մամլոյ քարտուղար Էդուարդ Շարմազանովը, անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի յայտարարութեան, ուր նորէն կոչ կ՚ընեն Հայաստանին, որպէսզի պատմաբաններու ջանքերով ստեղծուի համատեղ յանձնախումբ մը, ուսումնասիրելու համար 1915 թուականը։

ԹՈՒՐՔԻԱ.- Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը հերթական անգամ փաստաթուղթերու նոր ծրար մը ղրկած է ԱՄՆ՝ պահանջելով յանձնել ընդդիմադիր իսլամիստ քարոզիչ Ֆեթուլլահ Կիւլէնը։

ԻՐԱՔ.- Իրաքի խորհրդարանը քուէարկած է յօգուտ ԱՄՆ-ի դէմ պատասխան քայլերուն, այդ ձեւով արձագանգելով նախագահ Թրամփի մահմետականներու դէմ տրուած որոշումին։ Իրաքի վարչապետ Ապատին առայժմ լուռ է։

ԲՐԻՏԱՆԻԱ.-  Մէկ միլիոնէ աւելի ստորագրութիւն հաւաքուած է ընդդէմ նախագահ Թրամփի Մեծն Բրիտանիա կատարելիք այցելութեան։ Այդ թիւը բարձրացած է, երբ վերջինս ներգաղթողներու մուտքը արգիլող հրամանագիր մը ստորագրեց։

ՔԱՆԱՏԱ.- Վեց մարդ զոհուած է եւ ութ ուրիշներ վիրաւորուած, երբ անցնող Երկուշաբթի օր Քանատայի Քէպէք քաղաքի մզկիթին մէջ երեկոյեան աղօթքի ընթացքին կրակոցներ լսուած են։ Երկու մարդ ձերբակալուած է։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ