Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Աշխարհի Տարօրինակութիւններէն. Մենակեաց մեղրալուսին (Honeymoon for one)

Մեր գիտցած ըմբռնումով՝ մեղրալուսինը կ՚ըլլայ երկու հոգիի համար՝ հարս ու փեսայ։ Սակայն, կ՚երեւի թէ կան բացառութիւններ. հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Ուրեմն, այս դէպքը կը պատահի Փաքիստանի մէջ։ Նորապսակ ամոլ մը՝ Արսալան Սէվէր Պրէթ եւ Հումա Մոպին, կը ծրագրեն իրենց մաղրալուսինը անցընել Յունաստանի մէջ։ Օդանաւի տոմսակները կը գնեն, իջեւանելիք պանդոկը կ՚ապահովեն եւ կ՚երթան յունական հիւպատոսարան, վիզա առնելու համար։

Մինչեւ հոս, արտակարգ ոչ մէկ երեւոյթ։ Սակայն, եկուր տես որ ի՜նչ-ի՜նչ պատճառներով, հիւպատոսը կը մերժէ փեսային Յունաստան մուտքի վիզա տալ։ Գիտենք, որ Փաքիստան  իսլամական երկիր մըն է եւ թերեւս Արսալանի անունը կը գտնուէր սեւ ցանկի վրայ (no fly list), որպէս կասկածելի անձ մը…

Ճարահատ՝ Հումա կ՚որոշէ առանձին երթալ Յունաստան, որպէսզի օդանաւի եւ պանդոկի վճարուած գումարը լման չվատնուի եւ գոնէ կէսով մը կարենայ անոր արժէքը օգտագործել։ Եւ ահա քեզի մենակեաց մեղրալուսինի եզակի երեւոյթ մը։

Ես կը կարծեմ, որ գնահատանքի արժանի է հարսին վճռակամութիւնը եւ փեսային թոյլատուութիւնը՝ որ հարսը, մեղրալուսինը առանձին անցընէ։ Երկու չարեաց փոքրագոյնը, պիտի կոչէր հայկական ասացուածքը ։

Եւ ահա, հարսը ուր որ գացած է, նկարուած է ձեռքերը լայն բացած՝ որպէս թէ փեսան ըլլար իր կողքին… Դիտէ հետեւեալ նկարը, որ ցոյց կու տայ հարսը Աթէնքի աւերակներուն մէջ: Ան մէկ ձեռքով կը նկարուի (selfie), իսկ միւս ձեռքով ալ երեւակայութեամբ կը գրկէ իր բացակայ փեսան (տեսնել նկարը)։ Պատիւս՝ արժանաւորաց։

 

Յանդուգն արծիւն ու մարդասպան կոկորդիլոսը

Կ՚ըսուի, թէ անասունները կը սպաննեն ուրիշ անասուն կամ մարդ արարած, միայն եթէ անօթի ըլլան։ Սա անտառի օրէնքն է, ուր մեծ անասուններ կ՚որսան փոքր անասուններ՝ իրենց գոյութիւնը կարենալ շարունակելու համար։ Այս օրէնքը նոյնն է թռչնազգիներու եւ ծովային կենդանիներու պարագային ալ։

Մեր պատմութեան առաջին դէպքը կը պատահի Աւստրալիոյ հիւսիսային երկրամասի Alice Springs Desert զբօսայգիին մէջ, թռչուններու ցուցադրութեան մը հանդիսութեան ընթացքին։

Արդարեւ, արծիւ մը երկինքէն դէպի երկիր կը խոյանայ եւ կը ջանայ յափշտակել երեխայ մը, մօրը գիրկէն (տեսնել նկարը)։ Գիտենք, որ արծիւներուն տեսողութիւնը շատ սուր կ՚ըլլայ եւ անոնց խոյանքը՝ շատ արագ։

Բարեբախտաբար սակայն երեխային գլխարկը արգելք կը հանդիսանայ, որ մեր յանդուգն արծիւը կարենայ հասնիլ իր նպատակին։ Սարսափազդու այս դէպքը նկարահանուած է անոնց մօտը գտնուող հանդիսատեսի մը կողմէ։ Ով գիտէ խեղճ արծիւը որքա՜ն անօթի էր։

Մեր երկրորդ դէպքը կը պատահի Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի Օրլանտօ քաղաքին մէջ։ Walt Disney World պանդոկը իջեւանած զբօսաշրջիկ մը իր երկու տարեկան մանչ զաւակին հետ՝ Lane Graves կը գտնուէր մերձակայ արուեստական լիճի ափին, երբ խոշոր կոկորդիլոս մը ափ գալով երկվայրկեանի մը մէջ կը յափշտակէ անմեղ մանուկը եւ կ՚անհետանայ ջուրին յատակը…

Խուզարկող ոստիկանները մի քանի օր վերջ միայն կը գտնեն մանուկին հագուստէն մնացած մասնիկներ, հաստատելով երեխային ստոյգ մահը։

Դարձեալ Ֆլորիտայի մէջ, բայց այս անգամ Sea World սբօսայգիին մէջ, կէտ ձուկ մը իր մարզիչին մահուան պատճառ կը դառնայ։ Այս դէպքը պատահեցաւ 2010 թուականին, ի ներկայութեան մի քանի հարիւր հանդիսատեսներու։

Իսկ 2003 թուականին, Լաս Վեկասի նշանաւոր պանդոկներէն մէկու մը հանդիսասրահին մէջ, ճերմակ վագր մը խոշտանգեց տարիներու իր երկու մարզիչներէն մին, Ռոյ Հորնը։ Բարեբախտաբար այս դէպքը մահուամբ չվերջացաւ։

Չմոռնանք, որ արծիւը, կոկորդիլոսը, կէտ ձուկն ու վագրը կենդանիներ են եւ որքան որ ալ մարզուին՝ անասնային իրենց բնազդը երբեմն կը յաղթէ իրենց կերտած բարեկամութիւնն ու անոնք ակամայ կը դառնան մարդասպաններ։ 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ