Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկեր Սերխիօ Նահապետեան Ատրպէյճանի սեւ ցուցակի վրայ

Յայտարարուած 324 անուններուն մէջ, որոնք Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ կը գտնուին սեւ ցուցակի վրայ՝ առանց Ատրպէյճանի թոյլտուութեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելած ըլլալու «յանցանքով», Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավար՝ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկեր Սերխիօ Նահապետեան այդ շարքին տասներորդն է։ Անոր անուան դիմաց գրուած է, թէ արժանթինցի է, նախկին անդամ խորհրդարանի եւ քովը նշուած, որ Մայիս 2010-ին այցելած է Արցախ որպէս դիտորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։

Ցանկին վրայ կան նաեւ այլ պետութիւններու հպատակ հայեր եւ մեծ թիւով օտարներ, որոնք որպէս արուեստագէտ կամ քաղաքական գործիչներ տարբեր տարիներու այցելած են Արցախ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ