Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Վարդանանց Տօնակատարութիւն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ Վարժարանի Մէջ

Շաբաթ, 25 Փետրուար 2017-ին Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ վարժարանի մէջ աշակերտները նշեցին Վարդանանց տօնը:

Հանդէսը սկսաւ մանկապարտէզի աշակերտներուն համաչափ քայլերով սրահ մուտքով: Անոնք սաղաւարտներով, սուրերով եւ վահաններով դարձեր էին փոքրիկ Վարդաններ: Մանուկները Օր. Անի Մարսէլեանի առաջնորդութեամբ կենսուրախ արտասանեցին Ս. Վարդանին նուիրուած ոտանաւորներ:

Վարդանանց պատերազմի պատմութիւնը եւ պատգամը աշակերտներուն փոխանցեց ուսուցչուհի Ազնիւ Սէրայտարեանը: Ան մանուկներուն հասկնալի բայց պատկերալից լեզուով նախ նկարագրեց պատերազմին վայրը, պատերազմող կողմերը եւ անոնց նպատակը: Ապա ան աշակերտներուն պատմեց Վարդանանց պատերազմին կարեւորութիւնը հայապահպանութեան մէջ: Օր. Սէրայտարեանը վերջաւորութեան նմանութիւններ ցոյց տուաւ Վարդանանցի, Արցախեան պատերազմի եւ սփիւռքի մէջ շարունակոուղ պայքարներու նմանութիւնը:

Հանդէսի վերջաւորութեան աշակերտները միաբերան երգեցին հայրենասիրական երգեր:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ